Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի փոխ-տեսուչ Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ լրագրողներու յայտնած է, թէ Յունիս 24էն 26 Հայաստան կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին, Ֆրանսիս Պապ նախատեսած էր միջնորդել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մօտ՝ Հայաստանի սահմաններու վերաբացման հարցով:
Սակայն Հռոմի Քահանայապետը, նկատի ունենալով ներկայի ռազմաքաղաքական լարուած իրավիճակը՝ հրաժարած է այդ տրամադրութենէն: Ըստ վարդապետին՝ Պապը նախատեսած էր Յունիս 25ին երթալ թրքական սահման, որ փակ կը մնայ 1994էն ի վեր, եւ խաղաղութեան ու հաշտութեան ի նպաստ քայլի մը ձեռնարկել: