­altՎա­նի ա­մե­նան­շա­նա­ւոր պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող ­Վա­րա­գայ վան­քը վե­րա­ծո­ւած է ա­ւե­րա­կի: ­Վա­րա­գա­վան­քը կա­ռու­ցո­ւած է 8-11րդ ­դա­րե­րուն եւ վան­քի ներ­կայ կան­գուն մնա­ցած հա­տո­ւա­ծը ստեղ­ծո­ւած է

1003-1021 թո­ւա­կան­նե­րուն` ­Վաս­պու­րա­կա­նի թա­գա­ւոր ­Սե­նե­քե­րիմ-­Յով­հան­նէ­սի իշ­խա­նու­թեան օ­րօք, սա­կայն չեն յայտ­ներ, որ վան­քը հայ­կա­կան է:

2011ի ուժ­գին երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւան­քով՝ մեծ վնաս կրած ­Վա­րա­գա­վան­քի վե­րա­կանգն­ման եւ վե­րա­նո­րոգ­ման ուղ­ղու­թեամբ դեռ ոչ մէկ աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի: Է­րէք լե­րան ստո­րո­տին կա­ռու­ցո­ւած սոյն վան­քը կը գտնո­ւի ներ­կայ Եու­քա­րը ­Պաք­րաչ­լը գիւ­ղին մէջ: ­Վա­րա­գա­վան­քը բաղ­կա­ցած ե­ղած է հինգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ, ժա­մա­տու­նէ, գրա­դա­րա­նէ եւ զան­գա­կա­տու­նէ: ­Վան­քի ա­մե­նա­հին ե­կե­ղե­ցին ­Սուրբ ­Սո­ֆիան է` կա­ռու­ցո­ւած 8րդ ­դա­րուն:

Վա­րա­գա­վան­քի սե­փա­կա­նու­թեան վկա­յա­կա­նը կը պատ­կա­նի HABERTURKի նախ­կին գլխա­ւոր խմբա­գիր ­Ֆա­թիհ Ալ­թայ­լըի:
Վեր­ջինս նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րած էր, որ ե­թէ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ցան­կա­նայ, ինք պատ­րաստ է ան­մի­ջա­պէս յանձ­նե­լու վան­քը: ­Սա­կայն մինչ այժմ ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք չէ տա­րո­ւած այդ ուղ­ղու­թեամբ: