altԱՊԱ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մօտ ­Ռու­սիոյ դես­պան Վ­լա­դի­միր ­Տո­րո­խին, ու­սա­նող­նե­րու հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, յայ­տա­րա­րած է, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ­Ռու­սիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պատ­մա­կա­նօ­

րէն ձե­ւա­ւո­րո­ւած են տար­բեր կեր­պով: «Այդ հար­ցին մէջ իր դե­րը ու­նի ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան ու մշա­կու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րու միա­հիւ­սու­մը: ­

եծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու տնտե­սու­թիւ­նը: ­Հա­յաս­տան ո­րո­շած է դառ­նալ ­Ռու­սիոյ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դաշ­նա­կի­ցը, մեր երկ­րին հետ մտած է տնտե­սա­կան խոր հա­մարկ­ման մէջ: Ատր­պէյ­ճան ընտ­րած է այլ գոր­ծե­լաոճ՝ ա­ռանց ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու: ­Մենք կը յար­գենք եր­կու ընտ­րու­թիւն­ներն ալ: ­Մենք չենք հա­կադ­րո­ւած այդ եր­կիր­նե­րուն: ­Մոս­կո­ւան բա­րե­կա­մու­թիւն չ­՛ը­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ՝ ընդ­դէմ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­կա­ռա­կը: Ա­սի­կա նաեւ կը վե­րա­բե­րի ­Ռու­սիոյ մէջ եր­կու եր­կիր­նե­րու սփիւռ­քին:

­Չենք ու­զեր, որ ­Ռու­սիան վե­րա­ծո­ւի այն­պի­սի վայ­րի, ուր հա­յերն ու ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը հա­շիւ­ներ կը մաք­րեն ինչ-ինչ վի­րա­ւո­րանք­նե­րու պատ­ճա­ռով: Ա­տոր կը վե­րա­բե­րի մեր ամ­բողջ պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Իսկ երբ կ­՛ը­սեն, թէ ­Ռու­սիան ա­ւե­լի վատ կը վե­րա­բե­րի ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն հետ, քան հա­յե­րուն, կա­րե­լի է ը­սել, թէ այս բա­նե­րը միայն զգա­ցում­ներ են: ­Յոյ­սով եմ, որ ա­նոնք բո­լոր պա­րա­գա­յի կ­՛անց­նին: Այլ բան է, որ ­Ռու­սիոյ մէջ պէտք է ա­ւե­լի շատ բան գիտ­նան Ատր­պէյ­ճա­նի մա­սին: Այս առն­չու­թեամբ բազ­միցս յայ­տա­րա­րած եմ»,- ը­սած է դես­պա­նը։