alt«Թ­րի­պիւն տը ­Ժը­նեւ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Ժը­նե­ւի տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­տօ­նած են «Թ­րեմպ­լէ» պու­րա­

կին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կին նո­ւի­րուած «­Յի­շո­ղու­թեան լապ­տեր­ներ» յու­շար­ձա­նին տե­ղադ­րու­մը: ­Ժը­նե­ւեան օ­րա­թեր­թը կը նշէ, որ թէեւ յու­շար­ձա­նի գա­ղա­փա­րը ա­ռա­ջա­ցած էր շուրջ տաս­նա­մեակ մը ա­ռաջ, սա­կայն հայ­կա­կան հա­մայն­քը ա­տոր տե­ղադ­րու­մին ար­տօ­նու­թիւ­նը ստա­ցաւ միայն ան­ցեալ շա­բաթ:

­Բայց եւ այն­պէս, պայ­քա­րը դեռ չէ ա­ւար­տած. փաս­տա­բան Իվ ­Նի­տե­կեր յայտ­նած է, որ պի­տի բո­ղո­քար­կէ յու­շար­ձա­նի տե­ղադր­ման մա­սին ո­րո­շու­մին դէմ, ո­րով­հե­տեւ ու­նի այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ 14 քա­ղա­քա­ցիի դի­մում-բո­ղոք­նե­րը:

«Թ­րեմպ­լէ պու­րա­կը կա­նաչ տա­րա­ծու­թիւն է: ­Հե­տե­ւա­բար, ո­չինչ կրնայ այս­տեղ կա­ռու­ցո­ւիլ` բա­ցա­ռու­թեամբ հան­րա­յին հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող կա­ռոյց­նե­րէն, ո­րոնք ան­մի­ջա­կան կապ ու­նին տա­րած­քի օգ­տա­գործ­ման հետ: Ա­սի­կա այդ դէպ­քը չէ, ո­րով­հե­տեւ դի­մո­ղը սե­փա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն է, որ կը հե­տապն­դէ սե­փա­կան շա­հե­րը»,- ը­սած է փաս­տա­բա­նը: Ան նշած է, որ 9 մեթր բարձ­րու­թիւն ու­նե­ցող լապ­տեր­նե­րը կրնան վատ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ պու­րա­կին վրայ:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Ժը­նե­ւի քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն տո­ւած ո­րո­շու­մին` նա­խա­գի­ծի գոր­ծա­վար Շ­թե­ֆան Ք­րիս­թեն­սեն նշած է, որ կաս­կած չու­նի ի­րենց ծրա­գի­րի յա­ջո­ղու­թեան վե­րա­բե­րեալ: «Ա­սի­կա կա­րե­ւոր քայլ է, մենք գոհ ենք»,- ը­սած է ան` հա­մո­զում յայտ­նե­լով, որ յու­շար­ձա­նի տե­ղադըր­ման դէմ հան­դէս ե­կող­նե­րը քա­ղա­քա­կան շար­ժա­ռիթ­ներ ու­նին: «­Ցա­ւա­լի եւ ապ­շե­ցու­ցիչ է տես­նել, որ այս­տե­ղի մար­դիկ ժխտող­նե­րու կող­մէ են»,- ը­սած է Ք­րիս­թեն­սեն: