­Չի­նաս­տա­նի ­Թիան­ճին քա­ղա­քին մէջ ­Մա­յիս 13ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մերգ: Այս մա­սին, ըստ «­Հա­յերն Այ­սօր»ի, կը հա­ղոր­դեն ­Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քէն:

­Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին ­Կո­մի­տա­սի, Ս­պեն­դիա­րեա­նի, ­Խա­չատ­րեա­նի, ­Բաղ­դա­սա­րեա­նի, ­Բա­բա­ջա­նեա­նի եւ Ս­տե­փա­նեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

«­Հա­յաս­տա­նի գաղտ­նիք­ներ» ծրագ­րի ղե­կա­վարն ու ­Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ­Գոր­ծա­դիր ­Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մի­քա­յէլ ­Հայ­րա­պե­տեան, հա­մեր­գի ըն­թաց­քին, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի ներ­կա­յաց­նէ 20րդ ­դա­րու նշա­նա­ւոր եր­գա­հան Ա­րօ Ս­տե­փա­նեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

­Հա­մեր­գի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են ­Մի­քա­յէլ ­Հայ­րա­պե­տեա­նի «­Հա­յաս­տա­նի գաղտ­նիք­ներ» ծրա­գիրն ու ­Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քը: