altԱւստ­րա­լիոյ հայ հա­մայն­քը ֆի­նան­սա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն պի­տի տրա­մադ­րէ Ար­ցա­խին: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր ղե­կա­վար Ա­րին ­Մար­գա­րեան: «Այժմ ֆի­նան­սա­կան մի­ջոց­նե­րու հա­ւա­քագր­ման գոր­ծըն­թացն է, ա­նի­կա դեռ կը շա­

րու­նա­կո­ւի, եւ մենք մեր հա­ւա­քած գու­մա­րը պի­տի տրա­մադ­րենք ­Լ. ­Ղ.­Հան­րա­պե­տու­թեան:

Տե­ղի իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ կ­՛ո­րո­շեն, թէ ո՞ր ուղ­ղու­թեամբ ծախ­սեն գու­մա­րը, ըլ­լայ զի­նամ­թերք գնե­լու, թէ քան­դո­ւած տու­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու, տու­ժած ըն­տա­նիք­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րե­լու եւ այլն»,- կը յայտ­նէ Ա. ­Մար­գա­րեան՝ նշե­լով, որ ի­րենք կա­պի մէջ են Աւստ­րա­լիոյ մօտ Լ.Ղ.Հ. մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հետ:

Ա. ­Մար­գա­րեան կը տե­ղե­կաց­նէ նաեւ, որ ի­րենք միայն ֆի­նան­սա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն պի­տի չտրա­մադ­րեն, այլ Ար­ցա­խի հար­ցին հետ կապուած աշ­խու­ժօ­րէն կ­՛աշ­խա­տին եւ կը շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ քա­ղա­քա­կան դաշ­տի մէջ: «­Մենք այլ ծրա­գիր­ներ ալ ու­նինք Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման հա­մար: ­Կը նա­խա­տե­սենք շա­րու­նա­կել հան­դի­պում­նե­րը Աւստ­րա­լիոյ խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Դժ­բախ­տա­բար շատ պատ­գա­մա­ւոր­ներ լաւ պատ­կե­րա­ցում չու­նին Ար­ցա­խի մա­սին, ես կ­՛ը­սէի լաւ պատ­կե­րա­ցում չու­նին ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մա­սին: ­Հե­տե­ւա­բար, մենք կը նա­խա­տե­սենք հան­դի­պում­նե­րը ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի դարձնել, որ ա­նոնք ի­մա­նան իս­կու­թիւ­նը: ­Մա­նա­ւանդ որ Ատր­պէյ­ճան Աւստ­րա­լիոյ մէջ շատ աշ­խոյժ կ­՛աշ­խա­տի:

Ի­րենց դես­պա­նը միշտ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լու ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ, բայց մենք ալ հե­տե­ւո­ղա­կան ենք, ու­շա­դիր, թէ ի՞նչ հա­կա­հայ­կա­կան քայ­լե­րու ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կը ձեռ­նար­կէ, եւ ան­պայ­ման կը հա­կա­դար­ձենք»,- կը բա­ցատ­րէ ­Մար­գա­րեան: