Վ­րաս­տա­նի մէջ բնա­կող հա­յե­րուն թի­ւը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կտրուկ նո­ւա­զած է՝ երկ­րին մէջ առ­կայ ըն­կե­րա­յին խնդիր­նե­րուն պատ­ճա­ռով: Այս մա­սին NEWS.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յե­րու ­Միու­թեան ղե­կա­վար Առ­նոլդ Ս­տե­փա­նեան: Ա­նոր խօս­քով՝ Վ­րաս­տա­նէն հիմ­նա­կա­նօ­րէն հա­յե­րը կը հե­ռա­նան աշ­խա­տանք

չու­նե­նա­լու եւ գու­մար վաս­տա­կել չկա­րե­նա­լու պատ­ճա­ռով:

«­Մենք գի­տենք, որ հա­յերն հիմ­նա­կա­նում ­Ջա­ւախ­քում են բնակ­ւում եւ ­Ջա­ւախ­քը լեռ­նա­յին շրջան է, այն­տեղ խիստ բնակ­լի­մա­յա­կան պա­յման­ներ են եւ բնակ­չու­թիւնն ան­գամ գիւ­ղատն­տե­սու­թեամբ զբա­ղո­ւե­լով չի կա­րո­ղա­նում բնա­կան ե­կա­մուտ ու­նե­նալ, չեն կա­րո­ղա­նում պա­հել ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րը: Իսկ մայ­րա­քա­ղա­քում ապ­րող­նե­րի հա­մար աշ­խա­տանք չկայ եւ նրանք ստի­պո­ւած են լի­նում այլ եր­կիր գնալ` աշ­խա­տանք փնտռե­լու»,- ը­սած է ան:

Առ­նոլդ Ս­տե­փա­նեա­նի խօս­քով՝ ի տար­բե­րու­թիւն հա­յե­րուն, Վ­րաս­տա­նի մէջ բնա­կող ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը կ­՛ապ­րին ա­ւե­լի լաւ բնակ­լի­մա­յա­կան պայ­ման­ներ ու­նե­ցող տա­րած­քի մէջ, ուր գիւ­ղատն­տե­սու­թեամբ զբա­ղի­լը ա­ւե­լի լաւ ե­կա­մուտ­ներ կ­՛ա­պա­հո­վէ, քան ­Ջա­ւախ­քի մէջ: ­Քո­ւե­մօ-քարթ­լիի մար­զին մէջ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը կը բնա­կին, ա­նոնց թի­ւի լուրջ փո­փո­խու­թիւն չկայ, քա­նի որ ի­րենց հա­մար յար­մար է ապ­րիլ այդ տա­րած­քին մէջ, գիւ­ղատն­տե­սու­թեամբ զբա­ղիլ, լաւ ե­կա­մուտ ստա­նալ:

Ն­շենք, որ ըստ Վ­րաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Վի­ճա­կագ­րա­կան ­Ծա­ռա­յու­թեան տո­ւեալ­նե­րուն` Վ­րաս­տա­նի մէջ բնա­կող հա­յե­րուն թի­ւը 12 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին նո­ւա­զած է շուրջ մէկ եր­րոր­դով: Ըստ 2014 թո­ւա­կա­նին ի­րա­կա­նա­ցո­ւած մար­դա­հա­մա­րին` Վ­րաս­տա­նի մէջ 168 հա­զար հայ կը բնա­կի: