Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ին, Կիպրոսի ներքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Կոնստանդինոս Նիքոլայիտիսի կողմէ, Վարդգէս Մահտեսեան պաշտօնապէս հռչակուեցաւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ 2016-2021 շրջանին համար՝ ընդդիմադիր
թեկնածուի չգոյութեան պատճառով: Հետեւաբար, կիպրահայ գաղութի անդամները կարիքը պիտի չունենան Կիրակի, 22 Մայիս 2016ին, հայ պետական ներկայացուցիչ ընտրելու: