Գերմանիոյ Կանաչներու Կուսակցութեան ղեկավար, թուրք պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաշեմին 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մը ներկայացուցած է Պունտեսթակ, երկրի խորհր
դարանի նիստի ընթացքին ըսած է, որ Գերմանիան կը լռէ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած հայերու, ասորիներու, յոյներու ցեղասպանութեան հարցով:
Ան նշած է, որ եթէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը բացայայտուէր, հետագային Թուրքիոյ մէջ ալեւիներու, յոյներու, քիւրտերու եւ ազգային այլ փոքրամասնութեանց վրայ յարձակումները եւ ճնշումները չէին ըլլար. «Եթէ հայերը չսպաննուէին, Վանը կը դառնար արեւելքի Փարիզը»,- ըսած է Օզտեմիր, կը հաղորդէ ermenihaber.am:
Պատգամաւորը նաեւ ըսած է.- «Թրքական դասագիրքերուն մէջ պէտք է գրուի Ցեղասպանութեան մասին, երեխաներուն հերոսը Թալէաթ փաշան պէտք չէ ըլլայ»:
2015ին Ճեմ Օզտեմիր Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ ըրած է ճանչնալու 100 տարի առաջ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Ան ափսոսանք յայտնած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը պատշաճ կերպով չի քննադատեր 1915-1916 թուականներուն իրագործուած արիւնալի յանցագործութիւնը: