alt«Էր­մե­նի­հա­պեր» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Գեր­մա­նիոյ ­Կա­նաչ­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճեմ Էօզ­տե­միր հա­մո­զում յայտ­նած է, որ ­Գեր­մա­նիոյ խորհրդա­րա­նը 2 ­Յու­նի­սին պի­տի ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

 

«­Տէօ­չէ ­Վել­լէ»ի թրքա­կան ծա­ռա­յու­թեան հա­ղոր­դու­մով` Էօզ­տե­միր նիւ­թին անդ­րա­դար­ձած է «­Տէօ­չէ ­Վել­լէ ­Թի.­Վի.»ի «­Տագ­նա­պի շրջան» հա­ղորդ­ման ըն­թաց­քին:

Ան նշած է, որ ի­րենք ա­մէն ինչ կ­՚ը­նեն, որ­պէս­զի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ըն­դու­նի, թէ 1915ին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ 100 հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու սպա­նու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղած է:

«2 ­Յու­նի­սին, 100 տա­րի շա­րու­նակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտե­լէ ետք, ­Գեր­մա­նիոյ դաշ­նակ­ցա­յին խորհրդա­րա­նը ո­րո­շում պի­տի տայ այն մա­սին, որ ա­տի­կա ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղած է, եւ ­Գեր­մա­նիան ալ, իբ­րեւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դաշ­նա­կի­ցի, նոյն­պէս ո­րո­շա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կը կրէ ա­տոր հա­մար»,- ը­սած է ե­րես­փո­խա­նը: