altՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ՝
ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ

­Սոյն գրու­թիւ­նը խտա­ցումն է Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­գա­մին, զոր Վեհափարը տուաւ ­Կի­րա­կի՝ 24 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տուն, Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քի Ապ­րի­լեան ­Նա­հա­տա­կաց ­Մատ­րան առ­ջեւ, հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեան

Դա՛ր­ձեալ կը գտնո­ւինք Ապ­րիլ 24ի խոր­հուր­դին մէջ եւ ունկնդիր՝ ա­նոր պատ­գա­մին։ Ապ­րիլ 24ը սոսկ օր չէ, լոկ պատ­մու­թիւն չէ, այլ՝ ա­մէ­նօ­րեայ տագ­նապ ու պայ­քար։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­յու կեան­քի օ­րա­ցոյ­ցին վրայ ա­մէ՛ն օր Ապ­րիլ 24 պէտք է դառ­նայ։

Իւ­րա­քան­չիւր հա­յու կեան­քը Ապ­րիլ 24ի պա­հան­ջա­տի­րա­կան կամ­քով պէտք է թրծո­ւի։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­յու մտա­ծումն ու գոր­ծը մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէն իր մղումն ու ուղ­ղու­թիւ­նը պէտք է ստա­նայ։ Ա՛յս է հա­յօ­րէն ապ­րե­լու վա­ւե­րա­կան կեր­պը։

Ար­դա­րեւ, 100 տա­րի­ներ շա­րու­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ա՛յս հա­ւատ­քով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ ապ­րե­ցան, ի­րենց կեան­քը վե­րա­ծե­լով պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի՝ ի խնդիր մեր բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման։ 2015 թո­ւա­կա­նին հա­մազ­գա­յին մաշ­տա­պով նշե­ցինք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լիցը եւ մեր վճռա­կա­մու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­ցինք վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով ու տե­սիլ­քով շա­րու­նա­կե­լու մեր պայ­քա­րը։

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 101 տա­րի­ներ յե­տոյ մենք դար­ձեալ աշ­խար­հին դի­մաց կը յայ­տա­րա­րենք մեր ազ­գի հա­ւա­քա­կան վճռա­կա­մու­թիւ­նը ու ան­տե­ղի­տա­լի պայ­քա­րը։ ­Կը մեր­ժե՛նք որե­ւէ ձե­ւի նա­հանջ, սա­կար­կու­թիւն կամ զի­ջում՝ ի հե­ճուկս մեր նա­հա­տակ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն։

Այ­սօր, նո՛յն ցե­ղաս­պա­նը տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րով կը շա­րու­նա­կէ իր ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ։ Ար­թո՛ւն ե­ղիր, ժո­ղո­վուրդ հա­յոց…։

­Մի­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ՞ 1915ին թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պե­տա­կան մաշ­տա­պով ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը՝ նոյն այդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծած ­Թա­լէաթ­նե­րու, Էն­վեր­նե­րու եւ ­Ճե­մալ­նե­րու թոռ­նե­րուն ու ծո­ռե­րուն կող­մէ։

­Մի­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ՞ ներ­կայ ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռըն­թեր իր հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հա­ման­քի շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ իր ու­նե­ցած տնտե­սա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան լայն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով։

­Մի­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ՞ Ա­րեւմտեան ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Կի­լի­կիոյ բազ­մա­հա­զար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, վան­քե­րու, ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կա­լո­ւած­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ մեր կրօ­նա­կան ու մշա­կու­թա­յին շար­ժուն թէ ան­շարժ հարստու­թեանց բռնագ­րա­ւու­մը թուրք պե­տու­թեան կող­մէ, տա­կա­ւին ա­ռանց յի­շե­լու ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն կա­տա­րո­ւող այլ բռնագ­րա­ւում­ներ։

­Մի­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ՞ շուրջ եր­կու տա­րի­ներ ա­ռաջ թուրք պե­տու­թեան քա­ջա­լե­րան­քով ­Թուր­քիա­յէն ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ներ­խու­ժու­մը ­Քե­սապ եւ ա­նոնց գոր­ծած բար­բա­րո­սա­յին ա­րարք­նե­րը։

­Մի­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չե՞ն ­Պա­քո­ւի ու ­Սում­կա­յի­թի ջար­դե­րը նոյն թուրք ցե­ղին պատ­կա­նող ա­զե­րի­նե­րուն կող­մէ ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադրուած։

­Մի­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ՞ վեր­ջերս ­Թուր­քիոյ զօ­րակ­ցու­թեամբ ա­զե­րի­նե­րուն շղթա­յա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մը ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ։
Ու կա­րե­լի է տա­կա­ւին թո­ւել հա­կա­հայ մո­լուց­քով լե­ցո­ւած ա­րարք­ներ կամ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ներ­կայ ­Թուր­քիոյ կող­մէ կամ ա­նոր ուղ­ղա­կի ու ա­նուղ­ղա­կի քա­ջա­լե­րան­քով՝ այլ թրքա­մէտ ու­ժե­րու կող­մէ…։

Այո՛, նո՛յն ցե­ղաս­պան թուրքն է մեր դի­մաց կանգ­նո­ղը՝ տար­բեր պի­տակ­նե­րով ու դի­մակ­նե­րով։ ­Նո՛յն ցե­ղաս­պան թուրքն է Փան-­թու­րա­նեան նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հե­տապն­դող՝ տար­բեր մար­տա­վա­րու­թեամբ ու ռազ­մա­վա­րու­թեամբ։ ­Նո՛յն ցե­ղաս­պան թուրքն է, որ թրքա­կան ցե­ղա­խում­բին պատ­կա­նող այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մո­լուց­քը գրգռե­լով կը շա­րու­նա­կէ բնաջն­ջու­մի նո՛յն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ։

­Նո՛յն ցե­ղաս­պան թուրքն է, որ տեղ մը ա­րաբ­նե­րը սի­րա­շա­հե­լով, այլ տեղ տնտե­սա­կան թէ ռազ­մա­կան իր կա­պե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով կը փոր­ձէ իր գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ մո­ռա­ցու­թեան դա­տա­պար­տել եւ ­Հա­յաս­տա­նը ներ­քին մա­շու­մի են­թար­կել տնտե­սա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­պա­տու­մով։

Իսկ շրջա­նա­յին թէ մի­ջազ­գա­յին գեր-­պե­տու­թիւն­ներ այս­պէս կո­չո­ւած ի­րենց աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րէն մեկ­նած, ցե­ղաս­պան թուր­քին ու իր ցե­ղա­կից­նե­րուն ոճ­րա­յին ա­րարք­նե­րուն, յար­ձա­կո­ղա­պաշտ մօ­տե­ցում­նե­րուն ու ծա­ւա­լա­պաշտ նկրտում­նե­րուն դի­մաց լո՜ւռ կը մնան…։

­Մարդ­կա­յին դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ դժբախ­տա­բար աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րը գե­րի­վեր ե­ղած են ազ­գե­րու մի­ջեւ պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան թէ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով շա­ղա­խո­ւած բա­րե­կա­մու­թե­նէն։ ­Մարդ­կա­յին դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը ու մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը տնտե­սա­կան թէ քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն դի­մաց տե­ղի են տո­ւած։

Ա՛յս կը յի­շեց­նէ նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը։ Այս դառն յի­շե­ցու­մը նաեւ կա­տա­րեց վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ թուրք ա­զե­րի­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մը, երբ կարգ մը եր­կիր­ներ գաղջ մօ­տե­ցում որ­դեգ­րե­ցին եւ ու­րիշ­ներ լուռ մնա­ցին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի հա­մա­ձայն դա­տա­պար­տե­լի այս ե­րե­ւոյ­թին դի­մաց։

Ապ­րիլ 24ի այս ա­ռա­ւօ­տուն, երբ կը յի­շենք մեր մէ­կու­կէս մի­լիոն սրբա­ցած նա­հա­տակ­նե­րը, մենք կո­չո­ւած ենք մեր նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­զան կտա­կին հա­ւա­տար­մու­թեամբ մեր ազ­գա­յին ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գե­լու։

­Հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գով մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման մեր պայ­քա­րը։ Այս շրջագ­ծէն ներս ի­րա­ւա­կան մար­զը կը նկա­տենք հիմ­նա­կան։ Եւ, ինչ­պէս ծա­նօթ է մեր ժո­ղո­վուր­դին, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ա­ռա­ջին գործ­նա­կան քայ­լը ա­ռաւ ի­րա­ւա­կան մար­զէն ներս տա­րի մը ա­ռաջ դատ բա­նա­լով ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ՝ պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի պատ­մա­կան ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը իր ի­րա­ւա­տի­րոջ, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Ար­դա­րեւ, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ եւ ի սփիւռս աշ­խար­հի քաջ պի­տի գիտ­նան, որ ­Հա­յաս­տա­նը աշ­խար­հի քար­տէ­սէն ջնջե­լու ու մեր ժո­ղո­վուր­դը ոչն­չաց­նե­լու եւ պատ­մու­թեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ նե­տե­լու նո՛յն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ՝ ­Թուր­քիոյ ու ա­նոր ցե­ղա­կից Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։

­Հե­տե­ւա­բար, ար­թո՛ւն ե­ղիր, ժո­ղո­վուրդ հա­յոց. մենք մնա­յուն պա­տե­րազ­մի մէջ ենք։ ­Մենք շրջա­պատուած ենք տե­սա­նե­լի ու ոչ-տե­սա­նե­լի թշնա­մի­նե­րով։ ­Մենք բա­րե­կամ­ներ չու­նինք։ Ինչ­պէս պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, այս­՛օր եւս ­Հա­յաս­տա­նը կռո­ւախն­ձոր է շրջա­նա­յին թէ մի­ջազ­գա­յին գե­րու­ժե­րու շա­հե­րուն մի­ջեւ։ Այս դառն ի­րո­ղու­թեան դի­մաց մենք մեր ու­ժին պէտք է վստա­հինք։ Ա՛յս կը յի­շեց­նէ մե­զի մեր պատ­մու­թիւ­նը. ա՛յս կը թե­լադ­րեն նաեւ մեր կեան­քին ներ­կայ պայ­ման­նե­րը։

Մեր կեան­քը պէտք է հա­մա­պա­տաս­խան կեր­պով կազ­մա­կեր­պենք ու մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը ճշդենք։ ­Մենք թոյլ պէտք չէ տանք, որ ցե­ղաս­պա­նը փոր­ձէ մեր ա­րիւ­նով ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րէն ներս մուտք գոր­ծել, մեր պե­տա­կա­նու­թիւ­նը տկա­րաց­նել եւ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը նսե­մաց­նել։ Արդ, անհ­րա­ժեշտ է դի­մել հե­տե­ւեալ քայ­լե­րուն.-

Ա) ­Հա­յոց բա­նա­կի հզօ­րա­ցու­մը ան­յե­տաձ­գե­լի ու հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է։ Ի՛նչ պի­տի պա­տա­հէր մեր ժո­ղո­վուր­դին, ե­թէ ­Ղա­րա­բա­ղի ճա­կատ­նե­րուն վրայ մեր հե­րոս տղա­քը ի­րենց օ­րի­նա­կե­լի քա­ջու­թեամբ, նոյ­նիսկ ի­րենց ա­րեան գնով չկռուէին թշնա­միին դէմ։ ­Մենք թոյլ պի­տի չտանք, որ նոր ջարդ մը կա­տա­րո­ւի մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ։

Բ) ­Հա­յաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է դառ­նան ա­ւե­լի ազ­դու ու մար­տու­նակ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ Ս­փիւռ­քը իր ու­նե­ցած հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թեամբ կրնայ օ­ժան­դա­կել ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց, յատ­կա­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ ա­ղերս ու­նե­ցող աշ­խա­տանք­նե­րու գծով։

Գ) ­Ներ­կայ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած աշ­խար­հին մէջ քա­րոզ­չա­կան պա­տե­րազ­մը մե­ծա­պէս ազ­դե­ցիկ դեր ու­նի, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան ու զի­նուո­րա­կան ազ­դակ­նե­րու կող­քին։ ­Մեր քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը եւս պէտք է դառ­նան ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ ու աշ­խոյժ՝ սփիւռ­քին կա­տա­րե­լիք կա­րե­ւոր ներդ­րու­մով։

Անհ­րա­ժեշտ է հե­տե­ւա­բար մեր ո՛ղջ նե­րու­ժը, մեր ամ­բողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ի սպաս դնել այս նո­ւի­րա­կան նպա­տա­կին։ ­Հա­մա­հայ­կա­կան այս նպա­տա­կին ի­րա­գոր­ծու­մը կը պա­հան­ջէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ու­ժե­րուն մէկ­տե­ղում, աշ­խա­տան­քի ներ­դաշ­նա­կում ու միաս­նա­կա­նու­թեան ամ­րապն­դում։

­Սա լո­զունգ չէ, այլ՝ գոր­ծի հրա­ւէր. եւ՝ այ­սօ՛ր, վա­ղը ո՜ւշ է ար­դէն։ ­Հարկ է ըլ­լալ ար­թուն. հարկ է ըլ­լալ նաեւ ի­րա­պաշտ։ Զ­գա­ցա­կան ու պա­րա­գա­յա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը կրնան ­Հա­յաս­տանն ու ­Ղա­րա­բա­ղը ա­ւե­լի վտան­գա­լից կա­ցու­թիւն­նե­րու դի­մաց դնել ու մեր ժո­ղո­վուր­դը նոր տագ­նապ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դել։

­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թիւ­նն ու ա­նոր ան­կա­խու­թեան ամ­րա­ցու­մը ճա­կա­տագ­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հզօ­րա­ցու­մը իր բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րով, ներ­քին թէ ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րով ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին հա­մար։

Ա՛յս պէտք է դառ­նայ մեր հա­մա­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ա՛յս է ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Ղա­րա­բա­ղի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու հզօ­րաց­ման ճամ­բան. ա՛յս է մեր ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րու հա­տուց­ման ճամ­բան։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ