alt«Այբ» դպրո­ցի մար­դա­մե­քե­նա­յի շի­նու­թեան խում­բը 7-9 Ապ­րի­լին մաս­նակ­ցած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Օ­հա­յօ նա­հան­գի ­Մա­րիոն քա­ղա­քին մէջ կա­յա­ցող հե­ղի­նա­կա­ւոր «­Նե­շը­նըլ ­Ռո­պո­թիքզ ­Չե­լընճ» մրցու­մին, ո­րու ըն­թաց­քին տի­րա­ցած է ար­ծաթ շքան­

շա­նի եւ «­Հոն­տա Ի­նո­վէյ­շըն Ը­վորտզ» հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կով՝ ան­գամ մը եւս ­Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նը բարձ­րաց­նե­լով մի­ջազ­գա­յին կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռին մէջ:

«Այբ»ի վե­րոն­շեալ խում­բը քա­նի մը ա­միս շա­րու­նակ պատ­րաս­տո­ւած է այս մրցու­մին, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան 1300 մաս­նա­կից եւ ա­ւե­լի քան 400 մար­դա­մե­քե­նայ ներ­կա­յա­ցո­ւած է։ ­Հայ ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցած են ի­րենց սու­մօ ռո­պո­թով, եւ մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցած խում­բե­րուն մէջ մեծ թիւ կը կազ­մէին այդ բա­ժան­մուն­քին մաս­նա­կից­նե­րը:

­Հա­զա­րա­ւոր հան­դի­սա­տես­նե­րու աչ­քին առ­ջեւ հայ­կա­կան խում­բին մար­դա­մե­քե­նան եր­կու օր շա­րու­նակ մար­տի մէջ ե­ղած է այլ ա­ւագ դպրոց­նե­րու եւ քո­լէճ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած մե­քե­նա­նե­րուն հետ: «Այբ»ի մար­դա­մե­քե­նան յաղ­թած է այն­պի­սի խում­բե­րու, ո­րոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ մաս­նակ­ցած են այս մրցու­մին՝ մրցա­նակ շա­հե­լու յոյ­սով:

«Այբ»ի շի­նու­թեան խում­բի ղե­կա­վար ­Վազ­գէն ­Գաբ­րիէ­լեան ը­սած է, որ մրցու­մին մաս­նա­կից­ներն ու հիւ­րե­րը հիա­ցած են խում­բին տա­րած աշ­խա­տան­քով։ «­Բո­լո­րը հեր­թով մօ­տե­նում էին մեզ ու խնդրում ռո­բո­տին ձեռք տալ, նկա­րո­ւել դրա հետ:­»,- ը­սած է ու­սու­ցի­չը: