­Հինգ­շաբ­թի՝ 14 ապ­րի­լին ­Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց հա­մար ա­ռա­ջադ­րո­ւած էին նաեւ մեծ թի­ւով հայ թեկ­նա­ծու­ներ՝ ­Հա­լէ­պի եւ ­Դա­մաս­կո­սի ընտ­րաշր­ջան­նե­րուն մէջ:

­Շա­բաթ օր յայ­տա­րա­րո­ւե­ցան ընտ­րու­թեանց ար­դիւնք­նե­րը. եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ սու­րիա­հայ հա­մայն­քը

կը ներ­կա­յա­ցո­ւի եր­կու ե­րես­փո­խա­նով` սու­րիա­հայ հա­մայն­քի միաս­նա­կան թեկ­նա­ծու, ­Բե­րիոյ թե­մի Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր ­Ժի­րայր ­Ռէ­յի­սեան եւ ­Դա­մաս­կո­սի ընտ­րաշր­ջա­նէն ա­ռա­ջադ­րո­ւած դոկտ. ­Նո­րա Ա­րի­սեան:

­Պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մէջ ապ­րող ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ եր­կու հայ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու­նե­նա­լը բնա­կա­նա­բար շատ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը զգե­նու քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով: Ա­սի­կա կա­րե­ւոր ի­րո­ղու­թիւն է այն ի­մաս­տով, որ հա­կա­ռակ հնգա­մեայ պա­տե­րազ­մին սու­րիա­հա­յու­թեան հաս­ցու­ցած վնաս­նե­րուն, այս քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը խթան է, որ­պէս­զի սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը վերստին վե­րա­կանգ­նէ իր հա­ւատ­քը հա­յու­թեան մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան մայր գա­ղու­թին նկատ­մամբ:

­Սու­րիա­հա­յու­թեան կեան­քին մէջ ի­րենց ո­րո­շադ­րիչ ներ­կա­յու­թիւ­նը ու­նե­ցող եր­կու մտա­ւո­րա­կան դէմ­քե­րուն ընտ­րու­թիւ­նը նաեւ հիմ­նա­կան գրա­ւա­կան­նե­րէն մէկն է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին սու­րիա­հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան կշի­ռը բարձ­րա­նայ ­Սու­րիոյ մէջ, հա­կա­ռակ հա­մայն­քին հա­սած վնաս­նե­րուն:

­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ­Դա­տա­կան ­Բարձ­րա­գոյն ­Յանձ­նա­խում­բը հրա­պա­րա­կեց խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քով ընտ­րո­ւած 250 ե­րես­փո­խան­նե­րուն ա­նուն­նե­րը:

Ընտ­րու­թեան մաս­նակ­ցած են քո­ւէար­կու­թեան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող ­Սու­րիոյ բնակ­չու­թեան 57,56 առ հա­րիւ­րը: ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­ցան եր­կու սու­րիա­հա­յեր` սու­րիա­հայ հա­մայն­քի միաս­նա­կան թեկ­նա­ծու ­Ժի­րայր ­Ռէ­յի­սեան եւ դոկտ. ­Նո­րա Ա­րի­սեան: