altԵ­րու­սաղ­էմի մէջ, Ապ­րիլ 14ին, Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան շէն­քին դի­մաց, հայ հա­մայն­քի քա­նի մը հա­րիւր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են բո­ղո­քի ցոյց` Ատր­պէյ­ճա­նին զէն­քի վա­ճառ­քը դադ­րեց­նե­լու պա­հան­ջով:

 

­Ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պած է Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Միա­ցեալ ­Յանձ­նա­խում­բը, ո­րուն մաս­նակ­ցած են Ե­րու­սա­ղէ­մի, Եա­ֆա­յի, ­Բե­դախ ­Դի­գո­ւա­յի եւ ­Հայ­ֆա­յի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­ներն ու նաեւ հրեա­ներ:

­Ցոյ­ցի ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցած է Ե­րու­սա­ղէ­մի նախ­կին փոխ-քա­ղա­քա­պետ ­Փի­թըր Ա­լա­լուն, որ նշած է, թէ կը կի­սէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ցա­ւը եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վիշ­տը եւ ա­նըն­դու­նե­լի է, որ այ­սօր Ատր­պէյ­ճա­նը Իս­րա­յէ­լի վա­ճա­ռած զէն­քով կը սպան­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դը: Ան կոչ ուղ­ղած է Իս­րա­յէ­լի իշ­խա­նու­թեան՝ դադ­րեց­նե­լու զէն­քի վա­ճառ­քը Ատրպէյ­ճա­նին:

News.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան դի­ւա­նա­պետ ­Հայր ­Կո­րիւն նշած է, որ ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րը նաեւ նա­մակ յանձ­նած են Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին, ո­րուն մէջ հայ հա­մայն­քը իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նած է Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին զէնք վա­ճա­ռե­լու վե­րա­բերեալ: