Նա­խան­շո­ւած են ժամ­կէտ­նե­րը, երբ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ քո­ւէար­կու­թեան պի­տի դրո­ւի «1915 թո­ւա­կա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Ճանչ­նա­լու մա­սին» ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը: Քն­նար­կու­մը նա­խա­տե­սո­ւած է ի­րա­կա­նաց­նել 2016ի ­Յու­նի­սին: Օ­րի­նա­գի­ծին մա­սին խօ­սած է ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան

հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճեմ Օզ­տե­միր՝ նշե­լով, որ ի­րենք կը ցան­կա­յին, որ այդ նա­խա­գի­ծը շատ ա­ւե­լի շուտ բե­րո­ւի ­Պուն­տես­թակ:

Օզ­դե­միր ը­սած է.- «­Ժամ­կէտ­նե­րէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, որ բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը մէկ դիր­քո­րո­շում ու­նե­նան: ­Վեր­ջի­վեր­ջոյ ­Պուն­տես­թա­կի մէջ պարզ եւ յստակ ձե­ւա­կեր­պում­ներ պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւին: Ա­յո՛, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան օ­րօք մեղ­քը որ գոր­ծո­ւած է հա­յե­րուն հան­դէպ, կը կո­չո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: ­Դեռ ա­ւե­լին, այդ­տեղ գեր­մա­նա­ցի­ներն ալ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ի­րենց բա­ժի­նը ու­նին: Ետ ճա­նա­պարհ այ­լեւս չկայ»,- «­Հա­պեր­լեր»ին յղում կա­տա­րե­լով կը գրէ Aravot.am:

­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա ­Մեր­քել ան­ցեալ Ապ­րիլ 21ին, ՔԴԴ/ՔՍԴ խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու նիս­տի ըն­թաց­քին յայտ­նած էր, որ կ­՛ա­ջակ­ցի այն դիր­քո­րոշ­ման, ո­րով 100 տա­րի ա­ռաջ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րուն ու տե­ղա­հա­նում­նե­րուն առն­չու­թեամբ կա­րե­լի է կի­րար­կել ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը: ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կա­վա­րը մտա­վա­խու­թիւն յայտ­նած էր, որ ­Պեր­լի­նի կող­մէ այդ եզ­րի օգ­տա­գոր­ծու­մը կրնայ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ հաշ­տեց­ման գոր­ծըն­թա­ցին վրայ: