Արցախ-Հայաստան մենք միասին ենք, մենք ուժեղ ենք. ա՛յս նշանաբանով ալ Ռուսաստանի հայերու երիտասարդական քանի մը կազմակերպութիւններ, այս օրերուն, նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են` յօգուտ Լեռնային Ղարաբաղի անկախ Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան:
Այս մասին «Իրաւունք»ին տեղեկացուցած է Ռուսաստանի մէջ յայտնի հաղորդավարուհի Նայիրա Նիազեան: Իբրեւ արդիւնք հասարակ քաղաքացիներու աշխուժութեան ու հայրենակիցներուն սատարելու պատրաստակամութեան շնորհիւ՝ հաւաքուած է մօտ 20 թոն օգնութիւն, որ շուտով կը հասնի Արցախ: