Երեքշաբթի՝ Ապրիլ 12ին, Շուէտական խորհրդարանի կից Սթոքհոլմի մէջ, Շուէտահայութիւնը իր բազմաթիւ հայրենակիցներու հետ կատարեց զօրակցական ցոյց մը՝ ընդդէմ ատրպէյճանական վերջին նախայարձակումին, որուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը դիմագրաւեց նորանոր մարտահրաւէրներ:
Շուէտի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կառոյցի եւ Շուէտի Հայկական Ընկերակցական Միութեան համադրող մարմինի (Armeniska riksfՓrbundet i Sverige) միացեալ համագործակցական ցոյցը տեղի ունեցաւ Շուէտի հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնը գրաւող Mynttorget հրապարակին վրայ։ Այս մասին Շուէտէն «Եռագոյն»ին յայտնած է Սարգիս Տէգիրմէնճեան։
Ցոյցի նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորման եւ յարգել տալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սեփական ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը:
Ցոյցին ներկայ եղած ու մասնակցած են նաեւ մէկ տասնեակ ասորիներ։ Հ.Յ.Դ. Շուէտի Երիտասարդական Միութեան «Գարեգին Նժդեհ» եւ «Նիկոլ Դուման» խումբերը իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերած են ցոյցին՝ հանդէս գալով պահանջատիրական կոչերով, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով: