­altՀա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը այ­սու կը ծա­նու­ցէ, թէ 1962ին ծնունդ ա­ռած «­Բա­գին»ը այս տա­րի կը թե­ւա­կո­խէ նոր հանգ­րուան մը։ 54 տա­րի­նե­րէ ի վեր, Ս­փիւռ­քի մտա­ւո­րա­կան ընտ­րա­նին «­Բա­գին»ի մէջ գտած է ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան եր­կա­կի հար­թակ մը, ո­րուն վրայ վա­ւե­րա­կան ա­նուն­նե­րու կող­քին ե­րեւ­ցած ու կազ­մա­ւո­րո­ւած են ա­նոնց յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րը։ ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիով, Ե­դո­

ւարդ ­Պո­յա­ճեա­նով ու ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նով ձե­ւա­ւո­րո­ւած «­Բա­գին»ը այ­սօր կը հան­դի­սա­նայ գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի նո­ւի­րո­ւած՝ Ս­փիւռ­քի ա­մէ­նէն եր­կա­րա­կեաց եւ յար­գե­լի հան­դէ­սը։

2003ին վե­րո­յի­շեալ ա­նուն­նե­րուն յա­ջոր­դող խմբա­գի­րը, ­Յա­կոբ ­Պա­լեան, տաս­ներ­կու տա­րի­ներ իր մտա­սե­ւեռ­ման ա­ռար­կայ դար­ձուց «­Բա­գին»ը, ա­պա­հո­վե­լով ա­նոր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, եւ այդ ճամ­բով գուր­գու­րա­լով ա­րեւմտա­հայ գրա­կան մթնո­լոր­տի պահ­պան­ման վրայ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ան «­Բա­գին»ին բե­րաւ դե­ռա­հաս աշ­խա­տա­կից­ներ, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն բո­լորուիլ «­Բա­գին»ին շուրջ այ­սօր։

2015ի ա­ւար­տին, իր տա­րի­քի բեր­մամբ, ­Յա­կոբ ­Պա­լեան «­Բա­գին»ի խմբագ­րի պաշ­տօ­նէն կա­մո­վին դադ­րե­լու խնդրանք ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան, որ ըն­թացք տո­ւաւ ըն­կե­րոջ փա­փա­քին։ Այ­սու մեր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նենք ­Յա­կոբ ­Պալեա­նին, իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին իր դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ «­Բա­գին»ին մա­տու­ցած ներդրման հա­մար։

«­Բա­գին»ը այժմ կը մտնէ փո­խանց­ման թարմ շրջան մը։ Ար­դա­րեւ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ կը ծա­նու­ցէ, թէ 1 ­Յունո­ւար 2016էն սկսեալ, «­Բա­գին»ի Խմ­բա­գիր նշա­նա­կած է ­Սո­նիա ­Քի­լէ­ճեան-Ա­ճէ­մեա­նը, իսկ ­Փոխ-խմբա­գիր ­Նո­րա ­Բար­սե­ղեա­նը:

Ա­նոնց կող­քին պի­տի գոր­ծէ Խմ­բագ­րա­կան ­Խոր­հուրդ մը, հե­տե­ւեալ կազ­մով. Ք­րիս­տիան ­Բա­տի­կեան, ­Մա­րուշ Ե­րա­մեան, ­Վի­գէն ­Թիւ­ֆէնք­ճեան, ­Յա­կոբ ­Կիւլ­լիւ­ճեան, Ա­ւե­տիս ­Հա­ճեան, ­Շա­ղիկ Մկր­տի­չեան, ­Վար­դան ­Մատ­թէո­սեան, Արք­մե­նիկ ­Նի­կո­ղո­սեան, Ա­րամ ­Պա­չեան, ­Սե­ւան ­Տէ­յիր­մէն­ճեան, ­Միր­նա ­Տուզ­ճեան եւ ­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեան։

­Նոր շրջա­նի «­Բա­գին»ի անդ­րա­նիկ թի­ւը, որ պի­տի ըլ­լայ միա­ցեալ՝ լոյս պի­տի տես­նէ ­Յու­լիս 2016ին։ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը վստահ է, որ «­Բա­գին»ի նո­րան­շա­նակ խմբա­գի­րը, փոխ-խմբա­գիրն ու խմբագ­րա­կան խոր­հուր­դը պի­տի շա­րու­նա­կեն ամ­րագ­րել զի­րենք նա­խոր­դող­նե­րուն ա­ւան­դը, միա­ժա­մա­նակ սա­տա­րե­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման, Ս­փիւռ­քի թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­ւա­լող ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու ի­մաս­տա­սի­րա­կան ճի­գին դէ­պի «­Բա­գին» ուղ­ղորդ­ման եւ ի­մա­ցա­կան խօս­քի հնչե­ղու­թեան։

­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւն ­Հա­մազ­գա­յին
­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան