Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ «վալէօրզաքթիւէլ» կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ՝ խօսելով Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կատարուած յարձակման մասին, կը նշէ, որ այդ «ան-բանական» յարձակումը տեղի ունեցած է Ատրպէյ
ճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին տուած «բարի կամեցողութեան կեղծ երաշխիքներէն ետք»:
Ան հարց տալէ ետք, թէ նաւթատոլարներ ունեցող Ատրպէյճանը ինչպէ՞ս չկրցաւ յաղթել «փոքրիկ Ղարաբաղին»՝ կը պատասխանէ.- Որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կռիւ մղելը Ատրպէյճանի մէջ ոչ ոքի կը հետաքրքրէ, բացի իշխանութեան վրայ գտնուող քլանէն:
Ան կը նշէ, որ բռնատէրները միայն ուժէ կը հասկնան, բարի կամեցողութիւնը կը նկատեն տկարութիւն, իսկ Իլհամ Ալիեւ բացառութիւն մը չէ: «Միջազգային ընտանիքը կը կարծէր յետաձգած ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական կարգավիճակին հարցը` նախընտրելով բանակցութիւններն ու խաղաղութեան հաստատումը:
Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ատիկա ապարդիւն է եւ կրնայ միայն քաջալերել Պաքուի ղեկավարին ռազմատենչ ձգտումները: Պէտք է վերջնականապէս վերջ տալ այս կացութեան: Այսուհետեւ պէտք է ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը»,- կը գրէ Վալերի Պուայէ: