altՀ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի հրա­ւէ­րով՝ 11-21 ­Մար­տին, Ֆ­րան­սա, ­Հո­լան­տա եւ ­Պել­ճի­քա կը գտնո­ւէր Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­

յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր, Հ.Յ.Դ. խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան:

­Սոյն այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Իշ­խա­նեան թէ՛ քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով լայ­նա­ծա­ւալ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ, թէ՛ մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­մայն­քա­յին-ժո­ղովր­դա­յին տար­բեր ձեռ­նարկ­նե­րու` ­Փա­րի­զի, ­Լիո­նի, ­Մար­սէյ­լի, ­Վա­լան­սի, Պ­րիւք­սէ­լի եւ Ալ­մե­լո­յի մէջ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ան հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը` սահ­ման­նե­րու պար­զած կա­ցու­թե­նէն մին­չեւ երկ­րին ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան, ա­պա­հո­վա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, ո­րոնց ա­ւար­տին ան տո­ւաւ շա­հե­կան եւ սպա­ռիչ պա­տաս­խան­ներ` ներ­կա­նե­րու հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում­նե­րու տա­րա­փին:

­Քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում­նե­րու շար­քը սկսաւ ­Մար­սէյ­լէն, ա­պա յա­ջոր­դա­բար` ­Վա­լանս, ­Փա­րիզ, ­Լիոն, Պ­րիւք­սէլ, Ալ­մե­լօ, ուր Իշ­խա­նեան՝ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ տեղ­ւոյն մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, տար­բեր տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ ըն­կեր­վա­րա­կան թէ ա­ջա­կող­մեան քա­ղա­քա­պետ­նե­րու, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու, ե­րես­փո­խան­նե­րու թէ ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու հետ, ո­րոնց պար­զեց սահ­ման­նե­րուն վրայ տի­րող ա­զե­րիա­կան ա­նըն­դու­նե­լի նկրտում­նե­րը՝ պա­հան­ջե­լով իբ­րեւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի հա­մա­նա­խա­գահ երկ­րի ընտ­րեալ­ներ սան­ձել ­Պա­քուն, որ դադ­րեց­նէ իր այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­յա­պաղ: Իշ­խա­նեան նաեւ ստա­ցաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տար­բեր խոս­տում­ներ, յատ­կա­պէս կրթա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան մար­զե­րէ ներս, ո­րոնց ի­րա­գործ­ման հե­տապն­դու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Մարմ­նիս կող­մէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու ըն­թաց­քին:

­Տաս­նօ­րեայ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը յա­ջող սկիզբ մըն է նմա­նօ­րի­նակ նա­խա­ձեռ­նու­թեանց ծրագ­րի մը, ո­րուն նպա­տակն է բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ սա­տար հան­դի­սա­նալ Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին ու պե­տա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան լուրջ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցին վրայ, ի խնդիր տագ­նա­պի խա­ղաղ ու բար­ւոք լուծ­ման:

Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ