Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան նախօրեակին, 54 քոնկրէսականներ կոչ ըրած են նախագահ Պարաք Օպամայի, որ քոնկրէսականներ Ռոյսի եւ Շըրմընի կողմէ Արցախի
մէջ զինադադարը պահպանելու նպատակով ներկայացուած առաջարկները գործադրելու համար ճնշում բանեցնէ Ալիեւի վրայ։
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ նոյն յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն, քանի մը շաբաթ առաջ, նամակով մը կոչ ըրած էին Օպամային, որ Ալիեւի հետ իր հանդիպման ընթացքին պահանջէ Պաքուէն, որ վերջ տայ Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միտող Ռոյսի եւ քոնկրէսական Էլիըթ Էնկըլի առաջարկներու գործադրութեան իր խոչընդոտումին: Ռոյսի եւ Շըրմընի նամակին մէջ դարձեալ կը յիշուին Ռոյսի եւ Էնկըլի կողմէ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած նամակին պայմանները, որոնց նպատակն էր հայ-ատրպէյճանական սահմանի շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման ապահովումը:
Ռոյս եւ Շըրմըն եւս լուսարձակի տակ առած են այդ առաջարկները՝ որոշ յաւելումներով: Նոր առաջարկներն են՝
- Արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացումը շփման գիծէն, միաժամանակ՝ յաւելեալ զէնքեր չտեղադրել.
- Ե.Ա.Հ.Կ.ի հսկողութեան տակ գտնուող եւ յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում.
- Ե.Ա.Հ.Կ.ի յաւելեալ դէտերու հաստատում սահմանին վրայ՝ զինադադարի պայմաններու գործադրութիւնը լաւապէս հսկելու նպատակով։ Հայաստան եւ Արցախ արդէն իսկ համաձայնութիւն յայտնած են այս պայմաններուն։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը այս նպատակով քոնկրէսականներուն նամակ գրելու արշաւի մը նախաձեռնած էր եւ հանդիպումներ ունեցած Ռոյսի, Շըրմընի եւ շարք մը այլ քոնկրէսականներու ու անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։