Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթի իր հերթական յօդուածին մէջ, Շաբաթ՝ Մարտ 26ին, Ռապըրթ Ֆիսք դարձեալ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ օգտագործելով վերոնշեալ խորագիրը։ Ան գրած է, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին ցեղասպանութիւն եզրը
շրջանառութեան մէջ դրուած էր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ, որոնք կը հետեւէին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի այն յայտարարութեան, թէ Իսլամական Պետութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եզիտիներու, քրիստոնեաներու եւ շիի իսլամներու նկատմամբ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ:
«Սակայն անոնք կը մոռնան, որ այդ սարսափելի վայրագութիւնները կը կատարուին նոյն այն հողին վրայ, նոյն այն անապատներուն մէջ, ուր 100 տարի առաջ տեղի ունեցած է աւելի սարսափելի Ցեղասպանութիւն, որուն ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայ քրիստոնեաներ թուրքերու կողմէ վայրագօրէն սպաննուած էին»:
Ֆիսք ապա կը յիշեցնէ, որ թուրքերը ինչպէ՛ս բնաջնջած են 1,5 միլիոն քրիստոնեայ հայեր, բռնաբարած են անոնց կանանց եւ գլխատած՝ տղամարդիկ: «Անատոլիոյ գետերը լեցուցած հայերու դիակներն այնքա՛ն շատ էին, որ անոնք փոխած էին իրենց հունը: Իսկ Թուրքիա հիմա մեր լաւ բարեկամն է, ՆԱԹՕի դաշնակիցը, իսկ այս ամսուընէ սկսեալ՝ իսլամներուն դէպի Եւրոպա «ներխուժում»ը զսպող պատնէշը»,- աւելցուցած է Ֆիսք:
«Այս բոլորը անյարմար իրավիճակ կը ստեղծեն, որովհետեւ այժմ Իրաքի քրիստոնեաներն ու եզիտիները կը սպաննուին՝ 1915ի ջարդերէն վերապրածներու թոռնիկներուն կողքին: Կ՛ենթադրուի, որ «Իսլամական պետութեան» կողմէ շիիներու սպանդները ցեղասպանութիւն որակուեցան այս պահուն, քանի որ շիի Իրանին հետ համաձայնութիւն գոյացած է՝ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի եզիտիներուն, ապա եկէք վերադառնանք 1892 թուական, երբ անոնց դէմ իրականացուեցաւ ամենասարսափելի ցեղասպանութիւններէն մէկը՝ թուրք սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի կազմակերպութեամբ: Սակայն սուլթանին իրականացուցած ջարդերուն զոհ գացին նաեւ տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնց նկատմամբ 20րդ դարուն կատարուածը՝ Ճան Քերի կը մերժէ ցեղասպանութիւն կոչել, հակառակ անոր որ տարիներ շարունակ, երբ ան ծերակուտական էր, կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ «Այժմ Քերի Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը կոչէ «20րդ դարու ամենասարսափելի գազանութիւններէն մէկը»,- գրած է հեղինակը։
Ֆիսք նաեւ կը նշէ, թէ նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն եւս պարբերաբար կը դատապարտէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մինչեւ այն ատեն, երբ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար։
«Տանըլտ Թրամփ դեռ մասնակից չէ այս «բանավէճ»ին, սակայն Ատրպէյճանի մէջ բացուած անոր նոր պանդոկը մեզի կը յուշէ, թէ ի՛նչ պիտի լսենք իրմէ մօտիկ ապագային»,- գրած է յօդուածագիրը՝ եզրակացնելով, որ մինչ անցեալ տարի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեւանի մէջ կը մասնակցէր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած արարողութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակիցը Ուաշինկթընի մէջ պահուըտած էր, որպէսզի չնեղացնէ Թուրքիան, որուն կողմէ Ամերիկային տրամադրուող խարիսխը հայերու պատկանող հողերուն վրայ կառուցուած է։