«100 նուիրատու հնարաւորութիւն ունի գործնականապէս միանալու «Օրորա» Համաշխարհային Մարդասիրական Մրցանակի ջանքերուն՝ միասնաբար 7 միլիոն տոլար նուիրելով դժուարութեանց մէջ գտնուող երեխաներուն»,- «Մեդիամաքս»ին ըսած է «100 LIVES» նախաձեռ
նութեան եւ «Օրորա»յի համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեան՝ աւելցնելով.- «Օրորա» մրցանակով, մենք՝ հայերս, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք աշխարհին, որ մէկ դար առաջ մեր ազգին օգնեց արժանապատիւ ապագայ կերտելու:
Այսօր աշխարհի մէջ միայն 100 նուիրատու ունի բացառիկ հնարաւորութիւնը միանալու երախտագիտութեան շղթային՝ 70.000ական տոլար նուիրելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող երեխաներու կրթաթոշակի հիմնադրամին, անոնց տալով հնարաւորութիւն սորվելու UWCի (Աշխարհի Միացեալ Քոլեճներ) 14 քոլէճներէն մէկուն մէջ»:
«Օրորա» մրցանակը (The Aurora Prize for Awakening Humanity) պիտի շնորհուի Ապրիլ 24ին, Երեւանի մէջ: Մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի համանախագահներ՝ Նոպէլեան դափնեկիր Էլի Վիզելն ու մարդասէր եւ օսքարակիր դերասան Ճորճ Քլունին, նոյնպէս ներկայ պիտի գտնուին ձեռնարկներուն՝ բացայայտելով դափնեկիրին անունը:
Վերոնշեալ կոչի 100 նուիրատուները պիտի միանան երկօրեայ ձեռնարկներուն՝ դառնալով համաշխարհային մարդասիրական շարժման մասնակից, եւ իրենց ներդրումը պիտի ունենան աշխարհը բարեփոխելու ջանքերուն:
«Մերձաւոր Արեւելքը այսօր դժուար կացութեան մէջ է, եւ մենք պարտաւոր ենք միանալու աշխարհին, հնարաւոր չափով աջակցելու կարիքաւորներուն: Մենք երախտապարտ ենք Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք մէկ դար առաջ տեղահանուած հայերուն ապաստան տրամադրեցին եւ վստահ ենք, որ այս մարդասիրական քայլին պատրաստ են միանալու շատերը»,- աւելցուցած է Նուպար Աֆէյեան:
«Օրորա» մրցանակը կը շնորհուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունով, ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք մեկնեցին հայ ժողովուրդին: Մրցանակին պիտի արժանանայ այն հերոսը, որ այս օրերուն անձնուիրաբար կ՛օգնէ մարդոց։