­altՄիա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ճատ­րա­կի պա­տա­նե­կան հա­ւա­քա­կա­նին մաս կազ­մող 15ա­մեայ գեր-վար­պետ ­Սա­մո­ւէլ ­Սե­ւեան մաս­նակ­ցած է ­Տա­լա­սի հա­մալ­սա­րա­նի հա­ւա­քա­կա­նին դէմ մրցա­շար­քի մը։ ­Հա­մալ­սա­րա­նի խում­բին մաս կը կազ­մէին տար­բեր եր­կիր­նե­րէ

գեր-վար­պե­տի մա­կար­դա­կը նո­ւա­ճած ու­սա­նող­ներ։

­Սե­ւեան 10 մրցում­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րած է 5 յաղ­թա­նակ, 4 հա­ւա­սա­րու­թիւն եւ մէկ պար­տու­թիւն, իսկ 7 կէ­տով կի­սած է 1ին եւ 2րդ ­տե­ղե­րը:

­Սա­մո­ւէլ ­Սե­ւեան գեր-վար­պետ դար­ձաւ 13 տա­րե­կա­նին՝ հան­դի­սա­նա­լով ա­մե­նաե­րի­տա­սարդ հայ գեր-վար­պե­տը: ­Հա­մե­մա­տու­թեան հա­մար, ­Լե­ւոն Ա­րո­նեան այդ կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած է 18 տա­րե­կա­նին, ­Կա­րի ­Գաս­պա­րո­վը՝ 17, ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նի ­Պետ­րո­սեա­նը՝ 23, իսկ ­Սեր­գէյ ­Մով­սի­սեա­նը՝ 19 տա­րե­կա­նին:

­Սե­ւեա­նին կը պատ­կա­նի նաեւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նաե­րի­տա­սարդ մի­ջազ­գա­յին կար­գի վար­պե­տի կո­չու­մը, ո­րուն ան ար­ժա­նա­ցած էր 12 տա­րե­կան եւ 10 ամ­սա­կան ե­ղած ժա­մա­նակ։