altՀայ ե­րի­տա­սարդ­ներ յա­ջո­ղած են ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել ատր­պէյ­ճա­նա­կան շին­ծու քա­րոզ­չու­թեան փորձ մը: Ար­դա­րեւ, Կի­րա­կի՝ Մարտ 20ին,երբ «­Լա­մու­րէօ» նո­ւա­գա­խում­բը կը պատ­րաս­տո­ւէր ի­րա­կանց­նե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան կող­մէ պատ­րաս­

տո­ւած, հո­վա­նա­ւո­րո­ւած եւ մա­տա­կա­րա­րո­ւած հա­մերգ մը՝ նո­ւի­րո­ւած այս­պէս կո­չո­ւած «­Խո­ճա­լո­ւի դէպ­քե­րուն», Ս.Դ.Հ.Կ.ի Հայ Ե­րի­տա­սար­դա­կան «­Նա­զար­բէկ» Միու­թիւ­նը բո­ղո­քի ցոյց մը կազ­մա­կեր­պած է թատ­րո­նին դի­մաց:

«­Լա­մու­րէօ» հռչա­կա­ւոր նո­ւա­գա­խում­բը, «­Թէաթր տէ Շան զ՚Է­լի­զէ»ի մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէր Փիէռ Թի­լո­ւա­յի «­Խո­ճա­լու 613» յօ­րի­նու­մը, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իս­կա­կան քա­րոզ­չու­թիւն մըն է, Խո­ճա­լո­ւի կեղ­ծի­քին շուրջ հիւ­սո­ւած:

Հա­մեր­գին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ շրջող լու­րե­րէն տե­ղե­կա­ցած ըլ­լա­լու են այս ցոյ­ցին մա­սին, քա­նի որ վեր­ջին պա­հուն ջնջած էին հա­մեր­գը:
Այս առ­թիւ «­Նա­զար­բէկ»ի հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի.- «­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կրնայ հպար­տա­նալ այս ար­դիւն­քով, քա­նի որ ճշմար­տու­թիւ­նը յաղ­թեց կեղ­ծի­քին։

Ատր­պէյ­ճա­նի նաւ­թա­տո­լար­նե­րը եր­բեք պի­տի չկա­րե­նան ծանր կշռել հայ հա­մայն­քին ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան կամ­քին դի­մաց։ Պի­տի չգո­հա­նանք այս յաղ­թա­նա­կով։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան պե­տու­թիւ­նը շատ գոր­ծօն է հոս՝ Ֆ­րան­սա­յի մէջ, ինչ կը վե­րա­բե­րի կեղ­ծի­քի եւ հա­կա­հայ ա­տե­լու­թեան տա­րած­ման։ Պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Վս­տա­հե­ցէ՛ք մեր յանձ­նա­ռու­թեան»։