altՓա­րի­զի մեր պաշ­տօ­նա­կից «­Նոր Յա­ռաջ»ի հետ կա­յա­ցած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յայտ­նած է, թէ Գեր­մա­նիոյ մէջ 70 հա­զար հա­յեր կը բնա­կին։

 

Գեր­մա­նիոյ մէջ պաշ­տօ­նա­պէս 15 հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մայնք­ներ գո­յու­թիւն ու­նին։ Այդ հա­մայնք­նե­րէն բո­լո­րը չեն, որ հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ ու­նին եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ Գեր­մա­նիոյ Թե­մի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ա­մէն շա­բաթ կը շրջին եւ այ­ցե­լու­թիւն կու տան հա­մայնք­նե­րուն։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, Սե­րով­բէ Վրդ. Ի­սա­խա­նեա­նի հսկո­ղու­թեան տակ կը գտնո­ւին չորս հա­մայնք­ներ եւ Հայր Սուր­բը իւ­րա­քան­չիւր Կի­րա­կի, հա­մայն­քի մը հա­մար, Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցա­նէ։

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը կը յայտ­նէ, որ վեր­ջերս Միւ­նի­խի մէջ հիմ­նո­ւած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւղ մը եւ ա­րա­րո­ղու­թեան րնթաց­քին ինք օրհ­նած է հայ սկաուտ­նե­րը։

Հա­նով­րի, Պեր­լի­նի, Միւ­նի­խի, Հալ­լըի եւ Նիւ­րէն­պեր­կի մէջ կը գոր­ծեն հայ կեդ­րոն­ներ։ Կը ծրագ­րո­ւի Քէօլ­նի մէջ հիմ­նել հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն մը։ Նոր սե­րուն­դը գեր­մա­նա­խօս է։ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Պա­տա­րա­գը հա­յե­րէ­նով կը մա­տու­ցա­նո­ւի, իսկ եր­բեմն քա­րոզ­նե­րը կ­՚ըլ­լան նաեւ թրքե­րէ­նով, որ­պէս­զի թրքա­խօս հա­յե­րը հա­ղոր­դա­կից դառ­նան եւ հասկ­նան ը­սո­ւած­նե­րը։

Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կազ­մա­կեր­պած ուր­բա­թօ­րեայ դա­սըն­թացք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին 25-30 ե­րե­խա­ներ, ո­րոնք հո­գե­ւոր հո­վի­ւին ղե­կա­վա­րու­թեամբ կը սոր­վին եր­գե­ցո­ղու­թիւն եւ ծի­սա­կա­տա­րու­թեան տար­րա­կան օ­րէնք­ներ։ Պեր­լի­նի մէջ ալ Հա­յաս­տա­նէն ե­կած ե­րի­տա­սար­դի մը (իր ու­սու­մը ստա­ցած է Ե­րու­սա­ղէ­մի դպրե­վան­քին մէջ) գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­շա­կերտ­նե­րը կը սեր­տեն ե­կե­ղե­ցա­կան գի­տե­լիք­ներ ու եր­գե­ցո­ղու­թիւն։

Պեր­լի­նի մէջ տար­բեր հա­մայնք­ներ կան՝ ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մայնք մը, Հա­յաս­տան­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած հա­մայնք մը, ե­ւայլն։ Հա­յե­րը սկիզ­բը կայք հաս­տա­տած են ա­րե­ւե­լեան Գեր­մա­նիոյ Հալ­լը քա­ղա­քին մէջ. 19րդ դա­րուն ե­րի­տա­սարդ­ներ հոն հա­յա­գի­տու­թիւն ու­սա­նած են։ Այ­սօր տեղ­ւոյն ամ­պիո­նի վա­րի­չը հա­յաս­տան­ցի բա­նա­սէր Տիկ. Ար­մե­նու­հի Աբ­գա­րեանն է։

Պեր­լի­նի մօտ գտնո­ւող Փոց­տամ քա­ղաքն ալ կա­պո­ւած է հա­յե­րու ան­ցեա­լին հետ. հոն կեդ­րոն մը կայ, որ հա­յա­գի­տա­կան կա­ճառ կը կո­չո­ւի եւ հոն կը պա­հո­ւին հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թեր։