Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձնախումբի իրաւական հարցերով տնօրէն Րաֆֆի Գարագաշեան Ա.Մ.Ն. Քոնկրէսի Հայկական Հարցերու Խմբակի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ քոնկրէսականներու եւ ծերակուտականներու ներկայացուցած է, 2017ին Ա.Մ.Ն.ի կողմէ
տրամադրուող արտաքին օգնութեան ծիրին մէջ, ամերիկահայ համայնքի առաջնահերթութիւնները:
Քննարկման ընթացքին ներկայացուած են 7 հիմնական առաջարկ: Կ՝առաջարկուի միջազգային զարգացման համար Ա.Մ.Ն.ի կողմէն յատկացուող գումարներէն 5 միլիոն տոլար տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին՝ Ստեփանակերտի մէջ պարոնուհի Քոքսի անուան Վերականգնողական Կեդրոնի զարգացման համար:
Կ՝առաջարկուի նաեւ լիովին կասեցնել Պաքուին տրամադրուող ցանկացած ռազմական օգնութիւն մինչեւ Ատրպէյճանը առաջնագիծէն ետ քաշէ դիպուկահարները եւ ծանր ռազմասարքերը եւ, ի վերջոյ, մինչեւ որ իրականացնէ Էնկել-Ռոյս բանաձեւին մէջ ներկայացուած քայլերը: Երրորդ առաջարկն է 40 միլիոն տոլար տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանին, մասնաւորապէս նպատակաուղղուած երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումային ոլորտներու զարգացման:
Բացի այդ, կ՝առաջարկուի տրամադրել յաւելեալ 10 միլիոն տոլար Հայաստանի մէջ սուրիահայերու խնդիրներու լուծման նպատակով: Առաջարկներէն մէկն ալ կ՝առնչուի Վրաստանին տրամադրուող օժանդակութեան, մասնաւորապէս կը նշուի Սամցխէ Ջաւախքի մէջ աշխատատեղերու ստեղծման նպատակով այդ օգնութեան 10 տոկոսի տրամադրման անհրաժեշտութիւնը:
Վերջին երկու առաջարկներն ալ հետեւեալն են` խստացնել 1992ի Ազատութեան Աջակցման Ակտի (Քայլի) 907 մասը, որ կ՝առնչուի Ա.Մ.Ն.ի կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան արգելքին եւ, ի վերջոյ, վերջ դնել Լ.Ղ. հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացէն Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու մեկուսացման: