cogniarchae.wordpress.com հնա­գի­տու­թեան մա­սին կայ­քէ­ջը կը գրէ, որ ըստ հա­մա­ցան­ցի վրայ ստու­գա­բա­նա­կան բա­ռա­րա­նին «­Գեր­մա­նիա» կը նշա­նա­կէ «նոյն ծնող­նե­րէն», որ յա­ռա­ջա­ցած է ֆրան­սե­րէն germain բա­ռէն՝ «նոյն մօր­մէն ու հօր­մէն», լա­տի­նե­րէն germanus բա­ռէն, որ կը նշա­նա­կէ հա­րա­զատ եղ­բայ­րը, կը գրէ «­Հո­րի­զոն»։

German բա­ռը շատ ա­ւե­լի հին է միջ­նա­դա­րեան ֆրան­սե­րէ­նէն։ ­Գի­տենք, որ ա­նի­կա օգ­տա­գոր­ծո­ւած է ­Յու­լիոս ­Կե­սա­րի օ­րե­րէն ի վեր։ ՔԱ 98 թո­ւա­կա­նին հռո­մէա­ցի պատ­մա­բան ­Թա­քի­թուս (Tacitus) կը նշէ Germani ցե­ղա­խումբ մը։ Germaniaի մա­սին Wikipediaի յօ­դո­ւած մը կ­՚ա­ւելց­նէ, որ այդ եզ­րը կրնայ ծա­գու­մով իր­լան­տա­կան (celtic) ըլ­լալ։ Այդ մէ­կը կը նշա­նա­կէ, թէ ա­ռա­ջին G գի­րին ար­տա­սա­նու­թիւ­նը վի­ճե­լի է։ Ա­նի­կա կրնայ J ըլ­լալ ար­դի ֆրան­սե­րէ­նի նման կամ նոյ­նիսկ Y կամ H։ Այդ պա­րա­գա­յին կ­՚ու­նե­նանք ա­նուն մը, որ շատ մօտ է «Yermenia»ի, որ «Armenia»ի սլա­ւա­կան ա­նունն է։

Armenia բա­ռին շուրջ Wikipediaի յօ­դո­ւա­ծը կը նշէ, որ այդ ա­նու­նը հին պարս­կե­րէ­նին մէջ նշո­ւած է իբ­րեւ Ար­մի­նա։ Ուս­տի կը թո­ւի, որ Armenia բա­ռը առ­նո­ւազն 500 տա­րի ա­ւե­լի հին է քան եւ­րո­պա­կա­նը։ ­Սա­կայն ի՞նչ կը նշա­նա­կէ։ ­Պա­տաս­խա­նը հա­ւա­նա­բար դար­ձեալ Armenia բա­ռին մէջ է։

Ռու­մա­նե­րէ­նի, պաս­քե­րէ­նի, սպա­նե­րէ­նի եւ փոր­թու­կա­լե­րէ­նի մէջ Rhotacism կո­չո­ւած լե­զո­ւա­կան փո­փո­խու­թեան մէջ L գի­րը կը վե­րա­ծո­ւի Rի։ Օ­րի­նակ «alberto» կը վե­րա­ծո­ւի «arvero»ի, «alto»ն՝ «arto» եւ «Alban»ը՝ «Arban»։ Ուս­տի «Almen» բա­ռը կը վե­րա­ծո­ւի «Armen»ի։ Ա­սի­կա շատ հե­տաքրք­րա­կան է, ո­րով­հե­տեւ ­Գեր­մա­նիոյ մէկ այլ ա­նունն է, օ­րի­նակ ֆրան­սե­րէ­նի, քրտե­րէ­նի եւ կարգ մը սլա­ւա­կան լե­զու­նե­րու մէջ։ Ա­տի­կա առնչուած է նաեւ գեր­մա­նա­կան ցե­ղա­խում­բե­րու «Alemanni» ա­նու­նով ծա­նօթ հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան։

­Պատ­մա­բան ­Հե­րո­դո­տոս ծա­նօթ էր Germani ա­նու­նով ցե­ղա­խում­բի մը, թէեւ զայն միայն պարս­կա­կան ցե­ղա­խում­բեր թո­ւար­կող նա­խա­դա­սու­թեան մը մէջ կը նշէ։

Իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն կը թո­ւի, թէ հա­զա­րա­մեակ­նե­րէ ի վեր հա­րա­ւէն եւ ա­րե­ւել­քէն դէ­պի Եւ­րո­պա գաղթ ե­ղած է։ Կր­նայ ըլ­լալ, որ ՔԱ 5րդ ­դա­րուն ար­դի գեր­մա­նա­ցի ժո­ղո­վուր­դի նա­խա­հա­յե­րե­րը ­Փոքր Ա­սիա­յէն ե­կած են Եւ­րո­պա։

­Թե­րեւս ճշմար­տու­թիւն մը կայ 11րդ ­դա­րու գեր­մա­նա­կան Das Annolied բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ, որ կը նկա­րագ­րէ պա­ւա­րիա­ցի­նե­րու ծա­գու­մը հե­տե­ւեալ բա­ռե­րով.

«Ա­նոնք քա­ջեր էին,
Ի­րենց ցե­ղը ժա­մա­նած էր
դա­րեր ա­ռաջ գե­ղե­ցիկ ­Հա­յաս­տա­նէն,
ուր ­Նո­յը դուրս ե­կաւ տա­պա­նէն
եւ ոս­տը ստա­ցաւ ա­ղաւ­նիէն։
­Տա­պա­նին մնա­ցորդ­նե­րը
տա­կա­ւին Ա­րա­րա­տի վրայ կը գտնո­ւին։
Կ­՚ը­սո­ւի թէ այդ հո­ղե­րուն վրայ
տա­կա­ւին կը խօ­սո­ւի գեր­մա­նե­րէն»…

Dere geslehte dare quam wilin ere
Von Armenie der herin,
Da Noe uz der arkin ging,
Dur diz olizui von der tuvin intfieng:
Iri ceichin noch du archa havit
Vf den bergin Ararat.
Man sagit daz dar in halvin noch sin
Die dir Diutischin sprecchin,