altԿի­րա­կի՝ 20 Մարտ 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ան­թի­լիա­սի Մայ­րա­վան­քը՝ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Տա­ճարն ու շրջա­փա­կե­րը, ո­ղո­ղո­ւած էին հա­զա­րա­ւոր մա­նուկ­նե­րով, ո­րոնք ի­րենց ծաղ­կա­զար­դող ներ­կա­յու­թեամբ մաս­նա­կից դար­ձան Ք­րիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քի տօ­նի յի­շա­տա­կու­

թեան՝ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեանց ու ա­ւան­դա­կան մա­նուկ­նե­րու թա­փօ­րին։

Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց Գե­ղամ Արք. Խա­չե­րեան։ Միա­բան հայ­րե­րէ, Դպրե­վան­քի ու­սա­նող­նե­րէ, ծնող­նե­րէ եւ մա­նուկ­նե­րէ կազ­մո­ւած Ծաղ­կա­զար­դի թա­փօ­րը դար­ձաւ վան­քի շրջա­փա­կէն ներս։ Թա­փօ­րի ա­ւար­տին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս գնա­հա­տեց ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը եւ իր Հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց մա­նուկ­նե­րու օր նկա­տուող Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին ա­ռի­թով։ Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ը­սաւ.- «Այ­սօր բազ­մա­հա­զար ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը Մայ­րա­վան­քէն ներս պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն մըն է մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ա­մուր հա­ւատ­քին։

Ե­կած էք այ­սօր միաս­նա­բար յի­շե­լու Ք­րիս­տո­սի մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ եւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու յաղ­թա­կան թա­փօ­րին։ Այ­սօր ծաղ­կա­զար­դո­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը ա­մէ­նու­րեք՝ Լի­բա­նա­նէն սկսեալ մին­չեւ Հա­յաս­տան, Ղա­րա­բաղ եւ ի Ս­փիւռս աշ­խար­հի։ Թող որ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը մի՛շտ այս­պէս մնան ծաղ­կա­զար­դո­ւած մեր հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով։

Սի­րե­լի ծնող­ներ, այս ար­ժէք­նե­րով պէտք է դաս­տիա­րա­կել ու կրթել մեր զա­ւակ­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քէն, մեր դպրոց­նե­րէն ու ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս։ Թող որ Աս­տո­ւած երկ­նա­ւոր շնորհ­նե­րով եւ բա­րիք­նե­րով լեց­նէ, հարստաց­նէ ու ծաղ­կա­զար­դէ մեր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը»։ Ա­պա՝ Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը վե­հա­րա­նին մէջ ըն­դու­նեց մա­նուկ­ներն ու ա­նոնց ծնող­նե­րը, ո­րոնք ա­ջա­համ­բոյ­րով ստա­ցան Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւն: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը բո­լոր մա­նուկ­նե­րուն նո­ւէր­ներ բաշ­խեց, տօ­նա­կան օ­րե­րու սե­մին ու­րա­խու­թեամբ հա­մա­կե­լով ա­նոնց սրտե­րը։