Հալէպի Քաղդէացիներու եպիսկոպոսը՝ Անթուան Օտօ, Մարտ 16ին, Մ.Ա.Կ.ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն երկու երրորդը հեռացած է երկրէն:
Ըստ քաղդէացի եպիսկոպոսին՝ քրիստոնեաներու շուրջ 1,5 միլիոնի թիւէն հազիւ թէ 500 հազարը մնացած է Սուրիոյ մէջ: Իսկ Հալէպի մէջ, ուր անոնց ընդհա
նուր թիւը կը կազմէր 160.000, այսօր իջած է 40.000ի: Օտօ Եպիսկոպոսին համաձայն՝ կառավարութիւնը մնացեալ քրիստոնեաներն ալ կը փորձէ համախմբել իր վերահսկողութեան տակ գտնուող ապահով գօտիներու մէջ:
Ան աւելցուցած է նաեւ որ սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը զօրավիգ է նախագահ Պաշարի, «որ արժանի է յարգանքի»: Ինք համոզուած է, որ արտաքին միջամտութեամբ պարտադրուած որեւէ լուծում դատապարտուած է ձախողութեան: Ըստ իրեն՝ նոր ընտրութեան մը պարագային, Սուրիոյ քրիստոնեաներուն 80%ը կը կը քուէարկէ նախագահ Ասատի վերընտրութեան ի նպաստ: «Նոյնիսկ սիւննիները կը քուէարկեն իրեն ի նպաստ»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ «քրիստոնեաները չեն հալածուիր»։
Լրագրողներուն առջեւ Օտօ Եպիսկոպոս քննադատած է Ասատի դէմ «արեւմտեան քարոզչութիւնը», այդուհանդերձ՝ զայն զերծ չկացուցանելով բոլոր պատասխանատուութիւններէն: «Յամենայն դէպս, զինեալ խմբաւորումները ժողովուրդին նեցուկը չեն վայելեր»,- աւելցուցած է ան:
«Ասատին հետ կամ առանց անոր, Սուրիան պէտք է շարունակէ գոյատեւել»,- ըսած է քաղդէացի եպիսկոպոսը, աւելցնելով որ Հալէպի երեք տաճարները գրեթէ բոլորովին քանդուած են: Քաղդէական գիւղերու մէջ, հարիւրաւոր անձեր առեւանգուած, բայց յետոյ ազատ արձակուած են:
Ըստ Օտօ Եպիսկոպոսին՝ Փետրուար 27ին հաստատուած հրադադարը որոշ խաղաղութիւն բերած է երկրին, թոյլ տուած է, որ Հալէպի մէջ վերահաստատուի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, որոնցմէ քաղաքին բնակիչները զրկուած էին շուրջ վեց ամիսէ ի վեր:
Հալէպի քաղդէացիներու եպիսկոպոսը Ժընեւ գացած է Գարիթասի կողմէ նախաձեռնուած խաղաղութեան արշաւի մը համար. ինք Սուրիոյ Գարիթասի նախագահն է: Ան հանդիպում պիտի ունենար Մ.Ա.Կ.ի Սուրիոյ գծով հետաքննութեան յանձնաժողովի նախագահ Փաօլօ-Սերճիօ Փիներոյի հետ։