Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին, 14 ­Մարտ 2016ին, հա­լէ­պա­հայ ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նեե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, իբ­րեւ միաս­նա­կա­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն, խորհր­դակ­ցա­բար ճշդե­ցին ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն սու­րիա­հայ հա­մայն­քին կող­մէ ա­ռա­ջադ­րո­ւած թեկ­նա­ծու­նե­րուն

ա­նուն­նե­րը, ա­պա ա­նոնք միաս­նա­բար հան­դի­պում ու­նե­ցան ­Բե­րիոյ ­Հա­յոց ­Թե­մի ­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հան Արք. ­Սար­գի­սեա­նի հետ, եւ ներ­կա­յա­ցո­ւած թեկ­նա­ծու­նե­րու գծով ստա­ցան Սր­բա­զան ­Հօր օրհ­նու­թիւ­նը։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ ­Հա­լէ­պի «­Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր ­Զար­միկ ­Պօ­ղի­կեան։

­Հան­դիպ­ման սոյն օ­րա­կար­գով՝ հա­լէ­պա­հայ ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հա­մա­խո­հու­թեամբ՝ հայ հա­մայն­քին կող­մէ ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար ա­ռա­ջադրուե­ցան ա­նուն­նե­րը հե­տե­ւեալ թեկ­նա­ծու­նե­րուն.- ­Տիար ­Ժի­րայր ­Րէի­սեան,­Տիար ­Ռաֆ­ֆի Ա­ւե­տի­սեան, ­Մեթր ­Մա­րիա ­Գաբ­րիէ­լեան, ­Տիար ­Ծե­րուն ­Գա­հո­ւէ­ճեան, ­Տիար ­Յա­րութ Էօր­տէ­կեան, ­Տիար ­Շա­հէ ­Մի­նա­սեան,­Մեթր ­Կա­րա­պետ ­Շու­շա­նեան: Ն­շենք, որ ­Սու­րիա­կան Ա­րա­բա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ա­ռիթ ըն­ծա­յած է բո­լոր այն սու­րիա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք կ­՝ամ­բող­ջաց­նեն թեկ­նա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րը, ա­ռա­ջար­կե­լու ի­րենց պայ­ման­նե­րը։