altՌու­սիոյ Ա­զա­տա­կան-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Վ­լա­տի­միր ­Ժի­րի­նովս­քի, Lenta.ruին տուած ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, մեկ­նա­բա­նած է նաեւ ներ­կա­յիս ­Թուր­քիոյ պատ­կա­նող հայ­կա­կան պատ­մա­կան հո­ղե­րը ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­դարձնե­լու մա­սին իր

յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ու նշած, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ա­տի­կա ի­րա­կա­նաց­նել եւ որ­քա­նով ի­րա­տե­սա­կան է, կը գրէ «­Թերթ»ը: «­Թող հա­յե­րը ո­րո­շեն: Ինչ­պէ՞ս քիւր­տե­րը կը պայ­քա­րին ի­րենց պե­տու­թիւ­նը ստեղ­ծե­լու հա­մար, զէն­քը՝ ձեռ­քին, այդ­պէս ալ հա­յե­րը թող օգ­տա­գոր­ծեն դի­ւա­նա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան կամ ո­րե­ւէ այլ մի­ջոց: ­Սա­կայն, ի վեր­ջոյ, ա­նոնք ստի­պուած պի­տի ըլ­լան զէն­քով վե­րա­դարձնե­լու ի­րենց հո­ղե­րը»,- ը­սած է ռուս գոր­ծի­չը:

Անդ­րա­դառ­նա­լով այն հար­ցու­մին, թէ ­Ռու­սիա կրնա՞յ դի­ւա­նա­գի­տօ­րէն ա­ջակ­ցիլ հա­յե­րուն, ­Ժի­րի­նովս­քի պա­տաս­խա­նած է.- «Ի հար­կէ կրնանք եւ՛ ­Հա­յաս­տա­նին ա­ջակ­ցիլ, ե՛ւ քիւր­տե­րուն, ե՛ւ յոյ­նե­րուն, ե՛ւ պուլ­կա­րա­ցի­նե­րուն, ե՛ւ սու­րիա­ցի­նե­րուն: Ա­նոնք բո­լո­րը կ­՛ա­տեն ­Թուր­քիան: ­Թուր­քիան շրջա­պա­տո­ւած է հա­կա­ռա­կորդ­նե­րով. Ա­րեւ­մուտ­քին մէջ պուլ­կար­ներն ու յոյ­ներն են, ա­րե­ւել­քի մէջ` հա­յերն ու քիւր­տե­րը, հա­րա­ւի մէջ` ­Սու­րիան: ­Թուր­քիոյ վեր­ջը ե­կած է»,- ը­սած է ան: ­Ռու­սիոյ Ա­զա­տա­կան-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը նշած է, որ ա­տի­կա տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 5 կամ 10 տա­րիէն, բայց «ան ա­մէն պա­րա­գա­յի պի­տի կոր­ծա­նի, եւ այ­լեւս ոչ մէկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ»:

«­Մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը յստակ դիր­քո­րո­շում ու­նի՝ ա­ջակ­ցիլ ան­կախ քրտա­կան պե­տու­թեան ստեղծ­ման: ­Քիւր­տե­րը կը բնա­կին ­Թուր­քիոյ, ­Սու­րիոյ, Ի­րա­նի եւ Ի­րա­քի մէջ: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ա­նոնք 40 մի­լիոն են, սա­կայն միայն մեր մօտ է այդ ա­ռա­ջար­կը ծրագրա­յին»,- ը­սած է ան: