Ար­ժան­թի­նա­հայ բա­րե­րար ­Սու­րէ­նեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը հիմ­նա­նո­րո­գած է Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի ­Մե­լիք հա­մայն­քի դպրո­ցը: 1994ի կա­ռոյ­ցը հիմ­նա­նո­րո­գու­մէն յե­տոյ ստա­ցած է նոր շունչ, նոր տա­նիք, դռներ ու լու­սա­մուտ­ներ, վե­րա­փո­խո­ւած յա­տակ, լո­ւա­ցա­րան­ներ,

ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան եւ ջե­ռուց­ման հա­մա­կար­գեր, նո­րա­կա­ռոյց կաթ­սա­յա­տուն:
Ար­դիա­կա­նա­ցուած է դպրո­ցին մուտ­քը, բա­րե­կարգուած` բա­կի տա­րած­քը: Այ­սօր ար­դէն դպրո­ցի 168 ա­շա­կերտ­նե­րը կ’ու­սա­նին բա­րե­կարգ ու հիւրըն­կալ պայ­ման­նե­րու մէջ: Տ­նօ­րէն Ար­թուր ­Ղե­ւոն­դեան կը նշէ, որ 8-10 շրջա­նա­ւարտ իւ­րա­քան­չիւր տա­րի ու­սու­մը կը շա­րու­նա­կէ բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ:

Ու­շագրաւ է, որ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ըն­դու­նա­կու­թիւն եւ հե­տաքրքրու­թիւն ու­նին յատ­կա­պէս բնա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­նե­րու հան­դէպ: 17րդ ­դա­րուն հիմ­նո­ւած գիւ­ղը ու­նի շուրջ 1300 բնա­կիչ, ո­րոնք յատ­կա­պէս 1828-29 թթ. Ա­լաշ­կեր­տի ­Ղա­րա­քի­լի­սա գիւ­ղէն գաղ­թած­նե­րու սե­րունդ­ներն են: ­Հա­մայն­քի հպար­տու­թիւ­նը 1895ի բա­զի­լիկ ո­ճով կա­ռու­ցո­ւած ­Սուրբ ­Յով­հան­նէս ե­կե­ղե­ցին է, որ թէեւ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին են­թար­կո­ւած է ո­րոշ վե­րա­նո­րո­գում­նե­րու, սա­կայն պահ­պա­նած է իր ա­ռաջ­նա­յին տեսքն ու գրաւ­չու­թիւ­նը:

­Հա­մայն­քը կը գտնուի Ա­պա­րա­նէն մօտ 20 քմ. հիւ­սիս-ա­րե­ւելք, ծո­վու մա­կե­րե­ւոյ­թէն 2100 մ. բարձ­րու­թեան վրայ եւ ու­նի բարձ­րա­լեռ­նա­յին շրջա­նին բնո­րոշ խստա­շունչ կլի­մայ: