altԿ­լեն­տէյ­լը դար­ձած է Ա.Մ.Ն. ա­ռա­ջին քա­ղա­քը, ուր բո­լոր դպրոց­նե­րը Ապ­րիլ 24ին փակ պի­տի մնան` ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն:

 

Ա.Մ.Ն. ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բին փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Կ­լեն­տէյ­լի հա­մայն­քա­յին դպրո­ցա­կան խոր­հուր­դը ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է Ապ­րիլ 24ը հռչա­կելու «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կու­թեան օր»:

«Ա­սի­կա մեծ օր է ­Հայ ­Դա­տի եւ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք կը պայ­քա­րին ար­դա­րու­թեան եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին հա­մար»,- ը­սո­ւած է յանձ­նա­խում­բի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: