altԱր­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ­Մարտ 12ին աշ­խա­տան­

քա­յին այ­ցով մեկ­նած է ­Լի­բա­նան:

Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կեդ­րո­նի հա­ղորդ­մամբ` վար­չա­պե­տը ­Մարտ 12ին եւ 13ին շարք մը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է հայ եւ օ­տար ներդ­րող­նե­րու հետ, ա­նոնց հետ քննար­կած է Ար­ցա­խի մէջ ներդ­րու­մա­յին եւ բա­րե­գոր­ծա­կան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հար­ցեր եւ ձեռք բե­րած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յստակ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­ներ:

«Ար­ցախ ­Ռութս Ին­վեսթ­մընթս» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Ա. ­Յա­րու­թիւ­նեան քննար­կած է ըն­կե­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րը, ա­նոնց ի­րա­գործ­ման ըն­թաց­քը եւ հե­տա­գայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը: Ա. ­Յա­րու­թիւ­նեան բարձր գնա­հա­տած է ըն­կե­րու­թեան ներդ­րու­մը ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նի զար­գաց­ման եւ բնա­կիչ­նե­րու բա­րե­կե­ցու­թեան մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման գոր­ծին` հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով, որ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ըն­կե­րու­թեան մի­ջեւ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այ­սու­հե­տեւ ա­ւե­լի պի­տի խո­րա­նայ եւ ընդ­լայ­նո­ւի:

­Մարտ 13ին ար­ցա­խեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մաս­նակ­ցած է ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա­ռա­ջին ­Կա­թո­ղի­կո­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ մա­տու­ցո­ւած ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գին՝ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, այ­նու­հե­տեւ՝ Ան­թի­լիա­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ա­րամ Ա­ռա­ջի­նի հետ:

­Վար­չա­պե­տը իր խօս­քին մէջ շեշ­տած է լի­բա­նա­նա­հայ հա­մայն­քի աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի գո­յա­պայ­քա­րին եւ զար­գաց­ման գոր­ծին` յա­նուն Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով հա­մայն­քին` շա­րու­նա­կա­բար ցու­ցա­բե­րո­ւող բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:

Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սը ող­ջու­նած է Ա. ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը` հա­ւաս­տիաց­նե­լով, որ Ար­ցա­խի զար­գաց­ման ու անվտան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մը հա­մայն հա­յու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն է, եւ Ան­թի­լիա­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը եւս կը ծա­ռա­յէ այդ ա­ռա­քե­լու­թեան: ­Վար­չա­պե­տին գլխա­ւո­րած պա­տուի­րա­կու­թեան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցը ­Լի­բա­նան պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ ­Մարտ 15` նե­րա­ռե­լով տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բնոյ­թի հան­դի­պում­ներ ու ձեռ­նարկ­ներ: