Ուրբաթ՝ 11 Մարտին, հակահայկական ցոյց տեղի ունեցած է Սթոքհոլմի` Շուէտի խորհրդարանին կից տարածքի մը մէջ, որուն նպատակն էր ժխտել 2010ին Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը:
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Շուէտի մէջ Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան անդամ Սարգիս Տեկիրմենճեան յայտնեց, որ թրքական ցոյցին հակադարձելու համար նոյն վայրին մէջ ցոյց կազմակերպած են Շուէտի Հ.Յ.Դ. կազմը, Շ.Ե.Մ.ի (Շուէտի Երիտասարդական Միութեան) կեդրոնական վարչութիւնն ու Շուէտի Հայկական Ընկերակցական Միութեան մարմինը` շուէտական խորհրդարանի ողջունելի որոշումին նեցուկ կանգնելու նպատակով:
Տեկիրմենճեան նշեց, որ Հ.Յ.Դ. անդամները եւ Շ.Ե.Մ.ի երիտասարդները իրենց մնայուն եւ խանդավառ մասնակցութեամբ պատնէշ դրած են թրքական մոլեռանդ պահուածքին առջեւ: Անոր խօսքով` ցոյցի ընթացքին հայ երիտասարդներու կողքին եղած են նաեւ տասնեակ մը ասորի եւ քիւրտ ցուցարարներ: