Բրիտանացի յայտնի բնագէտ-տեսաբան Սթիւըն Հոքինկ նշած է այն մարդուն մասին, որուն շնորհիւ դեռ մանուկ հասակէն սէր ունեցած է գիտութեան նկատմամբ: Այդ մարդը բրիտանահայ մաթեմաթիկոս Տիգրան Թահթան է: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am՝ վկայակոչելով BBCն։ Հոքինկ այդ մասին խօսած է Global Teacher Prize մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն հրապարակման նուիրուած ուղերձին մէջ: «Անոր դասերը կենդանի էին եւ գրաւիչ:
Ամէն բան կրնար քննարկման առարկայ դառնալ: Մենք միասին ստեղծեցինք իմ առաջին համակարգիչը: Շնորհիւ պարոն Թահթայի՝ ես դարձայ Քեմպրիճի մէջ մաթեմաթիկայի ամպիոնի փրոֆեսոր` ամպիոն, որ ժամանակին գլխաւորած է Իսահակ Նիւթընը»,- ըսած է Հոքինկ` աւելցնելով, որ ցանկացած առանձնայատուկ մարդու ետին կանգնած է առանձնայատուկ ուսուցիչ մը: «Այսօր աւելի քան երբեւէ մեզ անհրաժեշտ են մեծ ուսուցիչներ:
Մենք պէտք է յիշենք, թէ որքա՜ն կարեւոր են անոնք»,- ընդգծած է գիտնականը: Տիգրան Թահթա ծնած է 1928 թուականին: Ան Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Մանչեսթըր հաստատուած հայ ընտանիքի զաւակ է, որ ստացած է հայկական կրօնական կրթութիւն: Մաթեմաթիկայի ոլորտին մէջ ան հեղինակ է բազմաթիւ աշխատութիւններու։ Մահացած է 2006 թուականին: