Սի­սի պատ­մա­կան ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջող` ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին մօտ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տը, ինչ­պէս յա­ճախ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կը շեշ­տէ, սո­վո­րա­կան դատ մը չէ. ան հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի՛ն դատն է:

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ ներ­կայ դա­տով՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­րիւր տա­րի­ներ ետք, ա­ռա­ջին ի­րա­ւա­կան քայլն էր, որ կ­՛առ­նո­ւէր` ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րու եւ յատ­կա­պէս բռնագ­րա­ւո­ւած ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կալուած­նե­րու ծի­րին մէջ, ինչ­պէս նաեւ նկա­տի ու­նե­նա­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դի բռնագ­րա­ւուած կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձը ար­գե­լա­կող թուրք կա­ռա­վա­րու­թեանց կող­մէ առ­նո­ւած յա­ջոր­դա­կան շարք մը ո­րո­շում­նե­րը, ա­ռա­ւել` ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի թղթած­րա­րին ըստ էու­թեան քա­ղա­քա­կան բնոյ­թը, դա­տի ի­րա­ւա­կան թղթած­րա­րին պատ­րաս­տու­թիւ­նը դիւ­րին չե­ղաւ:

Անց­նող շուրջ չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Թուր­քիոյ եւ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան­նե­րու եւ օ­րէնք­նե­րու խումբ մը մաս­նա­գէտ­ներ եր­կար պրպտում­նե­րու, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, այս դա­տա­կան թղթած­րա­րը պատ­րաս­տե­ցին իր պատ­մա­կան ու ի­րա­ւա­կան ե­րես­նե­րով եւ զայն ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցու­ցին 27 Ապ­րիլ 2015ին, ինչ­պէս նա­խա­պէս հա­ղոր­դած էինք:

­Դա­տի ներ­կա­յաց­ման թուա­կա­նէն մին­չեւ օրս հե­տե­ւեալ զար­գա­ցում­նե­րը ար­ձա­նագրուե­ցան.
ա.) ­Դա­տին ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւե­լէն շուրջ եր­կու ա­միս ետք, դա­տա­րա­նը փաս­տա­թուղ­թեր պա­հան­ջեց` ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին դատ բա­նա­լու ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կը հաս­տա­տող: Օ­րին, այս ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ փաս­տա­թուղ­թե­րը փո­խան­ցո­ւե­ցան դա­տա­րան:

բ.) 1 ­Մարտ 2016ին, ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի փաս­տա­բա­նը ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին յու­շա­գիր մը յղեց` պա­հան­ջե­լով դա­տա­կան ունկնդ­րու­թեան նիստ:

Թր­քա­կան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի լռու­թեան դի­մաց, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ա­ռա­ջար­կով եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ, 5 ­Մարտ 2016ին, ­Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին ի­րա­ւա­կան խմբա­կին հան­դի­պու­մը, ո­րուն հիմ­նա­կան նպա­տակն էր մէկ կող­մէ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ դա­տին գոր­ծըն­թա­ցը ա­րա­գաց­նող կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու քննար­կու­մը, եւ միւս կող­մէ` ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին ուղ­ղու­թեամբ քայ­լեր առ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու յստա­կե­ցու­մը` ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւե­լիք հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ:

­Դա­տա­րա­նին կող­մէ մեր դա­տին քննար­կու­մը ա­րա­գաց­նե­լու նպա­տա­կով՝ ժո­ղո­վը լսեց թուրք փաս­տա­բան­նե­րուն եւ յանձ­նա­խում­բին փո­խան­ցո­ւած ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մօ­տէն ծա­նօթ եր­կու մաս­նա­գէտ­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րը: Այս ծի­րին մէջ պար­զո­ւե­ցաւ, որ ներ­կա­յիս ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի սե­ղա­նին վրայ մեծ թի­ւով քննար­կո­ւե­լիք թղթած­րար­ներ կան, նոյ­նիսկ 2012 թո­ւա­կա­նէն ի վեր:

Եւ մեկ­նե­լով այն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ` ա.) ­Դա­տա­րա­նը ի­րա­ւունք ու­նի, եւ օ­րի­նակ­նե­րը բազ­մա­թիւ են, իր հա­յե­ցո­ղու­թեամբ դա­տա­կան քննու­թեան հա­մար թղթած­րար­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն հաս­տա­տե­լու` նկա­տի ու­նե­նա­լով ներ­կա­յա­ցո­ւած դա­տե­րուն բնոյթն ու ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը. բ.) նկա­տի ու­նե­նա­լով ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի պա­հան­ջի դա­տին նա­՛եւ քա­ղա­քա­կան բնոյ­թը, կրնայ մեր դա­տը ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ նկա­տո­ւիլ «ոչ-ա­ռաջ­նա­հերթ» եւ, հե­տե­ւա­բար, դա­տա­րա­նը կրնայ որ­դեգ­րել ձգձգու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն:

­Փո­խան­ցո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ կա­տա­րո­ւած մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին ի­րա­ւա­կան խմբա­կը եզ­րա­կա­ցուց հե­տե­ւեա­լը.-
1) ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ մեր կող­մէ լիա­զօ­րո­ւած փաս­տա­բա­նը պէտք է շա­րու­նա­կէ յի­շեց­ման յու­շա­գիր­ներ ներ­կա­յաց­նել դա­տա­րա­նին:

2) ­Յու­շա­գիր­նե­րը ստա­նա­լէ ետք, դա­տա­րա­նը կրնայ ե­րեք հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­ներ որ­դեգ­րել. ա.) լուռ մնալ. բ.) պար­զա­պէս յու­շա­գիր­ներ ստա­ցած ըլ­լա­լը հաս­տա­տել. գ.) յայտ­նել, թէ հարկ է թղթած­րա­րի քննարկ­ման հա­մար դա­տա­րա­նին կող­մէ ճշդո­ւե­լիք թո­ւա­կա­նին սպա­սել:
­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին յի­շեալ հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը փաս­տօ­րէն կ­՛են­թադ­րեն դա­տի քննարկ­ման ձգձգում:

Այս պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշտ է. Ա­ռա­ջին՝ «տրա­մա­բա­նա­կան ժա­մա­նակ» մը սպա­սել եւ ա­պա դի­մել ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան, ո­րուն կա­նո­նագ­րու­թեան 6րդ ­յօ­դո­ւա­ծին հա­մա­ձայն, ո­րե­ւէ դա­տի գծով յատ­կա­ցո­ւած «տրա­մա­բա­նա­կան ժա­մա­նա­կի» խախ­տու­մը, ի­րա­ւունք կու տայ ըն­դու­նե­լու ի­րեն ներ­կա­յա­ցո­ւած դատ մը:

Երկ­րորդ՝ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ կա­տա­րո­ւե­լիք հե­տապն­դում­նե­րուն զու­գա­հեռ պատ­րաս­տել ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան ներ­կա­յացնե­լու մեր դա­տի թղթած­րա­րը` յա­րա­բե­րա­բար ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին որ­դեգ­րե­լիք հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն կամ ո­րո­շում­նե­րուն:

­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին ի­րա­ւա­կան յանձ­նա­խում­բը պատ­րաս­տեց անգ­լե­րէ­նով հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, զոր կու տանք թարգ­մա­նա­բար. «­Սի­սի պատ­մա­կան ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջող եւ ե­զա­կի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող դա­տին առն­չո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րին մէջ, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ­Մարտ 5ին, ­Ժը­նե­ւի մէջ, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ յի­շեալ դա­տով զբա­ղող ի­րա­ւա­կան յանձ­նա­խում­բին հետ:

­Հան­դի­պու­մին նպա­տակն էր քննել 27 Ապ­րիլ 2015ին ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւած դա­տին ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նը: ­Յի­շեալ դա­տով ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­հաս­տա­տու­մը: Ար­դա­րեւ, մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի ու 1923ի ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րին հա­մա­ձայն՝ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կա­լո­ւա­ծը վե­րա­դարձ­նե­լու, որ­պէս­զի գոր­ծա­ծո­ւի կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի հա­մար:

­Յի­շեալ դա­տին քննու­թիւ­նը ա­րա­գաց­նե­լու նպա­տա­կով, ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան փաս­տա­բա­նը վեր­ջերս յու­շա­գիր մը ներ­կա­յա­ցուց ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին` դա­տա­կան ունկնդ­րու­թեան նիստ պա­հան­ջե­լով: Ե­թէ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­մա­ւո­րա­պէս չվե­րա­դարձ­նէ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը եւ կամ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը չո­րո­շէ վե­րա­դարձ­նել կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, ինչ­պէս Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րած է, յի­շեալ դա­տը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան, ո­րուն ար­ձա­կած վճի­ռը ­Թուր­քիան պար­տա­ւոր է գոր­ծադ­րե­լու: