Ֆրանսիս Պապը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ հայ կաթողիկէ տաճարին նուիրած է խորհրդանշական քար մը՝ վերցուած Հռոմի Ս. Պետրոսի Մայր Տաճարի պատէն՝ իրբեւ նշան միութեան եւ հաղորդութեան:
Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանին համաձայն՝ Պապին անունով քարը ուղարկած է Վատիկանի Ս. Պետրոսի Պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի՝ յատուկ նամակի մը ընկերակցութեամբ: 8 Դեկտեմբեր 2015 թուակիր նամակին մէջ կարտինալը գրած է, որ Պապին նուիրած քարը զետեղուած էր Ս. Պետրոսի տաճարի Ս. Դրան մէջ, 2000ին՝ ձեռամբ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի:
Քարը Ս. Պետրոսի տաճարէն վերցուած է Ողորմութեան յոբելինական տարուան բացման առթիւ՝ 8 Դեկտեմբեր 2015ին, Անարատ Յղութեան տօնին: Գրուած է նաեւ, որ այս քարը կը նուիրուի «իբրեւ նշան սերտ հաղորդութեան սրբազան քահանայապետին հետ, որ յաջորդն է Պետրոս առաքեալին, եւ որպէս մասնակցութիւն հոգեւոր շնորհներու յոբելինական տարուան»:
Կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի այնուհետեւ կը գրէ.- «Լիայոյս ենք, որ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ընթացքին ձեր սիրտերը խաղաղութեամբ կը լեցուին, ինչ որ աստուածատուր շնորհ մըն է, որպէսզի կարողանաք սերմանել սիրտերուն մէջ բոլոր այն մարդոց, որոնք պիտի հանդիպին ձեզի»: Ըստ առաջնորդարանի հաղորդագրութեան, խորհրդանշական քարը պիտի զետեղուի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատին մէջ։