Շաբաթ երեկոյեան, Ժընեւի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքները համակարգող Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Նիքոլաս Միշելի եւ սուրիական տագնապի բանագ նաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի փոխանորդին հետ (Տը Միսթուրայի քաղաքէն բացակայութեան պատճառով):
Նշենք, որ Սուրիոյ տագնապին գծով Վեհափառ Հայրապետը Տը Միսթուրայի հետ հանդիպում մը ունեցած էր 20 Հոկտեմբեր 2015ին, Աթէնքի մէջ: Իրենց առաջարկով տեղի ունեցած այս աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր ունենալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեսակէտը` տագնապի լուծման առաջնորդող հոլովոյթին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու մասնակցութեան առնչութեամբ:
Շուրջ երկու ժամ տեւած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, լսելէ ետք Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչներուն արժեւորումը Սուրիոյ տագնապի ներկայ փուլին, ինչպէս նաեւ անոնց պատկերացումը յառաջիկայ փուլերուն վերաբերեալ եւ ընդառաջելով Մ.Ա.Կ.ի պատասխանատուներու փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց իր տեսակէտը` ընդհանրապէս խաղաղութեան հոլովոյթին եւ մասնաւորաբար քրիստոնեայ համայնքներու մասնակցութեան շուրջ:
Վեհափառ Հայրապետը նախ եւ առաջ շեշտեց, թէ խաղաղութեան հոլովոյթին պէտք է մասնակից դառնան Սուրիոյ ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր համայնքները, բնականաբար ներառեալ քրիստոնեայ համայնքները: Իբրեւ նոյն պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները ունեցող համահաւասար քաղաքացիներ, քրիստոնեաները գործօն մասնակցութիւն պէտք է բերեն Սուրիոյ քաղաքական կեանքին,- յիշեցուց Արամ Ա.:
Ապա՝ Վեհափառ Հայրապետը կարգ մը գործնական առաջարկներ ներկայացուց` յատկապէս Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլին համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեան ուղղութեամբ: Ներկաները, համաձայն գտնուելով Վեհափառ Հայրապետին, առաջարկեցին, որ այս հարցին շուրջ իրեն հետ խորհրդակցութիւնները շարունակուին` շուտով սկսուելիք բանակցութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ: