alt«­Շերփ» ինք­նա­շար­ժը ստեղ­ծո­ւած է հա­յազ­գի Ա­լեք­սէյ Կա­րա­կա­շեա­նի կող­մէ եւ կրնայ քար­քա­րոտ, ճահ­ճոտ, ձիւ­նա­ծածկ եւ ջու­րով ո­ղո­ղո­ւած ճամ­բա­նե­րէ անց­նիլ։

 

Ա­լեք­սէյ Կա­­րակա­շեա­նին ստեղ­ծած ինք­նա­շար­ժը կ­՚ար­ժէ շուրջ 50 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար։

Կա­րա­կա­շեան «­Շերփ»ի նա­խա­տի­պը սկսած է կա­ռու­ցել 2012ին եւ աշ­խա­տան­քի ա­ւար­տին, Օ­գոս­տոս 2015ին, զայն ներ­կա­յա­ցու­ցած է Մոս­կո­ւա­յի Օֆ Ռո­տի ցու­ցա­հան­դէ­սին։3,5 մեթր եր­կա­րու­թեամբ, 2,52 մեթր լայն­քով եւ 2,3 մեթր բարձ­րու­թեամբ ինք­նա­շար­ժը կը կշռէ 1300 քի­լոկ­րամ։ Ա­նոր ա­նիւ­նե­րուն տրա­մա­գիծն է 1,6 մեթր, իսկ լայն­քը 60 սան­թի­մեթր, ինչ որ զայն կա­րող կը դարձ­նէ մէկ մեթր բարձ­րու­թեամբ ո­րե­ւէ ար­գելք յաղ­թա­հա­րե­լու։ Չոր ցա­մա­քի վրայ ա­նոր ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­րա­գու­թիւնն է ժա­մա­կան 45 քի­լո­մեթր, իսկ ջու­րի վրայ՝ ժա­մա­կան 6 քի­լո­մեթր։

Ինք­նա­շար­ժին հիմ­նա­կան տի­պը կ­՚ար­ժէ 3,85 մի­լիոն ռուբ­լի (49,200 ա­մե­րի­կեան տո­լար) եւ օժ­տո­ւած է 44,3 ձի, 1,5 լիթր­նոց եւ չոր սի­լին­տըր մա­զու­թի շար­ժա­կով։ «­Շերփ»ի վա­րորդ­նե­րը քնա­նա­լու հա­մար ե­րեք քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թիւն մը ու­նին եւ ան­կո­ղի­նին տակ 730 լիթր պա­հես­տի տեղ։