altԱ­մե­րի­կեան Forbes հան­դէ­սի հրա­պա­րա­կած մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու յո­բե­լի­նա­կան 30րդ ­վար­կա­նի­շա­յին ա­ղիւ­սա­կին մէջ ընդգր­կո­ւած են չորս հայ գոր­ծա­րար­ներ,- կը գրէ 168.am: Աշ­խար­հի մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու ցան­կին մէջ հայ մի­լիա­ռա­տէր­նե­րէն ա­մե­նա­բարձր վար­կա­նի­շը ու­նի ռու­սա­կան «Կ­րաս­նո­տար»

ֆութ­պո­լա­յին ա­կում­բի սե­փա­կա­նա­տէր ­Սեր­կէյ ­Կա­լից­կինՅա­րու­թիւ­նեան), որ 5,7 մի­լիառ տո­լար կա­րո­ղու­թեամբ գրա­ւած է 219րդ ­տե­ղը: 3,1 մի­լիառ կա­րո­ղու­թեամբ «­Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բի սե­փա­կա­նա­տէր ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեան կը գտնո­ւի վար­կա­նի­շա­յին ա­ղիւ­սա­կի 549րդ ­տե­ղը, ար­ժան­թի­նա­հայ գոր­ծա­րար էտո­ւար­տօ էռ­նէ­կեան` 2,2 մի­լիառ տո­լար կա­րո­ղու­թեամբ 810րդ ­տե­ղը, իսկ «­Ռոս­գոսստ­րախ» ա­պա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար ­Դա­նիէլ ­Խա­չա­տու­րո­վը` 1,4 մի­լիառ տո­լա­րով գրա­ւած է 1275րդ ­հո­րի­զո­նա­կա­նը: Forbesի վար­կա­ծով աշ­խար­հի ա­մե­նա­հա­րուստ մարդ ճանչ­ցո­ւած է Microsoftի նախ­կին սե­փա­կա­նա­տէր ­Պիլ ­Կէյթ­սը, ո­րուն կա­րո­ղու­թիւ­նը կը գնա­հա­տո­ւի 75 մի­լիառ տո­լար: 67 մի­լիառ տո­լա­րով ա­նոր կը հե­տե­ւի Zara ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր Ա­ման­սիօ Օր­տէ­կան, իսկ եր­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նին մէջ ներդ­րող Ո­ւո­րէն ­Պա­ֆեթ` 60,8 մի­լիառ տո­լա­րով: Ըստ Forbesի` աշ­խար­հի մէջ այ­սօր կայ 1810 մի­լիա­ռա­տէր` նա­խորդ տա­րո­ւան հա­մե­մատ 16ով պա­կաս: