­altՏեր­սի­մի հա­յե­րու միու­թեան հիմ­նա­դիր ­Միհ­րան Փր­կիչ ­Կիւլ­թե­քի­նը եւ ա­նոր կի­նը` ­Կա­րին ­Կիւլ­թե­քի­նը, մտա­դիր են տե­ղա­փո­խո­ւե­լու եւ մշտա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու ­Հա­յաս­տան: Այս նպա­տա­կով ա­նոնք այ­սօր` ­Մարտ 2ին, կը դի­մեն ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն

ստա­նա­լու խնդրան­քով: «Ար­մենփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ­Կա­րի­նը, որ ­Գեր­մա­նիոյ մէջ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ մկրտուած եւ քրիս­տո­նէու­թիւն ըն­դու­նած է, խօ­սած է այն մա­սին, թէ ին­չո՛ւ ի­րենք նման ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած են: «­Մենք կ­՛ապ­րինք այն­պի­սի երկ­րի մը մէջ, ուր մեզ կո­տո­րած են, պար­տադ­րած են ըն­դու­նիլ կրօն մը, որ մե­րը չէ: ­Մենք չենք ցան­կար ապ­րիլ ­Թուր­քիոյ մէջ: Աս­կէ դուրս գա­լէ ետք, ­Միհ­րա­նին հետ պի­տի դի­մեմ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թեան»,- ը­սած է ան: ­Կա­րի­նը պատ­մած է, թէ ինչ­պէ՛ս ի­րենք միշտ թի­րախ հան­դի­սա­ցած են ­Թուր­քիոյ մէջ: ­Նոյ­նիսկ այն ժա­մա­նակ, երբ ի­րենք դեռ իս­լամ էին, բո­լո­րը մատ­նա­ցոյց ը­րած են զի­րենք` ը­սե­լով.- «­Տե­սէ՛ք, ան հայ է»: Իսկ մկրտու­թե­նէն ետք ան ստի­պո­ւած ե­ղած է դուրս գա­լու այն ճա­շա­րա­նէն, ուր աշ­խա­տած է մօտ 15 տա­րի, քա­նի որ ա­նոր ը­սած են, թէ «հաց պի­տի չու­տեն «կեա­ւուր»ի ձեռ­քէն»: «Ո՞րն է տար­բե­րու­թիւ­նը` դուն իս­լամ ես, իսկ ես` հայ: ­Չեմ ցան­կար ապ­րիլ կեանք մը, որ ին­ծի կը պար­տադ­րեն: Կ­՛ու­զեմ փրկո­ւիլ այս ա­մէ­նէն»,- մեծ յու­զու­մով նշած է ­Կա­րին: ­Կա­րին ու ­Միհ­րան եր­կու որ­դի ու­նին, ո­րոնք կ­՛ող­ջու­նեն ի­րենց ծնող­նե­րուն ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու ո­րո­շու­մը: «Եր­կու որ­դի­ներս ալ մկրտո­ւած են: Ա­նոնց­մէ մէ­կը այժմ կ­՛ու­սա­նի ­Գեր­մա­նիոյ մէջ, իսկ միւ­սը լրագ­րող է: Եր­կուքն ալ կը զան­գեն ին­ծի եւ միշտ կ­՛ը­սեն.- «­Մայ­րիկ, ը­րէ այն, ինչ կ­՛ու­զես: ­Մի վախ­նար»: Ես վեր­ջա­պէս ո­րո­շած եմ ը­նել այդ քայ­լը»,- ը­սած է ­Կա­րին: