Հիւսիսային Իրաքի Սինճար քաղաքի միակ հայկական եկեղեցին՝ Ս. Մարիամ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցին, հիմնայատակ քանդուած է։ Վերջերս եկեղեցւոյ մէջ ի յայտ եկած են տասնեակ մարդոց կմախքներ եւ կը կարծուի, որ այդ աճիւնները կը պատկանին այդ շրջանը ապրած եզիտիներու։ Նախքան Իսլամական Պետութեան զինեալներու մուտքը այդ շրջան, հայ բնակչութիւնը հեռացած էր այդտեղէն։