26 Փետրուարին, Մ.Ա.Կ.ի Նիւ Եորքի շէնքին մօտ գտնուող Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոնին դիմաց, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց, որուն նպատակն էր դատապարտել մարդկային մեծագոյն անարդարութիւններէն հանդիսացող Սումկայիթի եւ Պաքուի հայութեան դէմ գործադրուած ջարդերը, լուսարձա կի
տակ առնել Ատրպէյճանի փորձերը` խեղաթիւրելու պատմութիւնը: Ցուցարարները կը կրէին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Ալիե՛ւ, դադրեցո՛ւր սուտերը», «Կը յիշեմ Սումկայիթը», «Ատրպէյճա՛ն, ընդունէ՛ յանցանքդ», «Վե՛րջ տուէք պատերազմի սպառնալիքներուն», «Կը յիշենք մեր նահատակները, կը պահանջենք մեր իրաւունքները», «Ղարաբաղը Հայաստան է», «Ճանաչում կը պահանջենք» եւ այլն: