Փետրուար 27էն ետք, Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատուելէն ի վեր, ռազմական գործողութիւնները նուազած են, իսկ հրադադարի կարգի առաջին օրերը յուսադրող են: Կարելի է ըսել` Սուրիոյ մէջ յարաբերական խաղաղութիւն է:
«Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ Փետրուար 27էն ետք զինադադարի խախտումներ չեն նկատուած, բնակչութիւնը համեմատաբար խաղաղ վիճակի մէջ կը գտնուի, յուսանք եւ հաւատանք, որ մինչեւ հարցի վերջնական լուծումը այդպէս ալ կը շարունակուի: Հալէպահայերը, չնայած կենցաղային, տնտեսական բազում խնդիրներուն, կը շարունակեն անկոտրում ոգիով դիմադրել ահաբեկչութեան: Արդէն յոգնած են եւ անհամբեր կը սպասեն, թէ ե՞րբ, ի վերջոյ, պիտի ազդարարուի պատերազմի մօտալուտ աւարտը, որպէսզի կարենան վերականգնել իրենց վիրաւոր քաղաքն ու խաթարուած առօրեան:
Բնութեան օրէնքն է. ամէն սկիզբ ունի իր աւարտը, եւ փոթորիկին կը յաջորդէ պայծառ եղանակ: Սակայն այս «փոթորիկէն» յետոյ դժուար է կանխազգալ` արդեօք ժողովուրդը անմիջապէս պայծառ երկնակամար տանող օրեր կ’ունենա՞յ, թէ՞ ոչ»,- «Հայերն Այսօր»ի հետ հեռախօսազրոյցին ըսաւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի մամուլի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեան:
Բերիոյ թեմի մամուլի խօսնակը նաեւ աւելցուց, որ չնայած զինադադարին` Հալէպը քանի մը շաբաթէ ի վեր զրկուած է ջրամատակարարումէ, ելեկտրականութենէ եւ վառելանիւթէ, իսկ քաղաքի մուտքն ու ելքը կրկին շրջափակուած են: