Թուրքիոյ նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին հանդիպման ժամանակ Անկելա Մերքել Էրտողանէն պահանջած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ բանալ հայ-թրքական սահմանը: Ցեղասպանութեան մասին թեման բացած է Էրտողանը` Մերքելին սպառնալով, որ եթէ Գերմանիան 1915ի դէպքերուն 100րդ տարելիցի առիթով
գումար յատկացնէ Հայաստանին` ինչպէս որ կը նախատեսուի, ապա ատիկա կրնայ վատ հետեւանքներ ունենալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար: Թուրքիոյ նախագահը սպառնացած է Գերմանիոյ վարչապետին` ըսելով, որ ան պէտք է զգուշանայ այդ քայլերու հետեւանքներէն, ինչ որ զայրացուցած է Մերքելը: Ան դիմելով Էրտողանին` յայտարարած է.- «Գերմանիան ժողովրդավարական երկիր է, մի միջամտէք: Թուրքիան պէտք է առերեսուի պատմութեան հետ եւ բանայ Հայաստանի հետ սահմանը: Սահմանի փակ ըլլալուն պատճառով Հայաստանի հայերը դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած են»: