Փետրուար 15ի երեկոյեան, Պէյրութի մէջ, իր մահկանցուն կնքած է ծանօթ բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը:
Ան կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ լիբանահայ թատրոնի մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ: Հանդէս եկած է տասնեակներով շարժանկարներու մէջ եւ բեմադրած՝ մեծ թիւով թատերգութիւններ: Ֆազլեան իր ուրոյն տեղը ունեցած է նաեւ լիբանահայ գաղութի մտաւորական շրջանակներուն մէջ.- Անոր դիրքորոշումները կ՚ընկալուէին խորագոյն յարգանքով:
Որպէս թատրոնի եւ թատերական նիւթերու դասախօսի, ան ծանօթ անուն էր Լիբանանի համալսարանական շրջանակներուն եւ արժանացած էր տեղական մտաւորական եւ գեղարուեստի շրջանակներու յարգանքին: Պերճ Ֆազլեան 90 տարեկան էր։