altՓետ­րո­ւար 13ին, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող Ք­նար Պոհ­չա­լեան-Ե­մի­նի­ճեան դար­ձաւ 107 տա­րե­կան։ Մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, ան հա­ւա­նա­բար ա­մէ­նէն տա­րեց վե­րապ­րող­նե­րէն մէկն է։ Ք­նար Պոհ­չա­լեան-Ե­մի­նի­ճեան ծնած է 1909ին Կե­սա­րիոյ մէջ։ Երբ ջար­դե­րը եւ Կե­սա­րիոյ դէմ յար­ձա­կու­մը սկսան, ան իր ըն­տա­նի­քին հետ քա­նի մը

ա­միս ա­պաս­տա­նե­ցաւ յար­դա­նո­ցի մը մէջ։ Հե­տա­գա­յին, ա­նոր ըն­տա­նի­քը աք­սո­րո­ւե­ցաւ, սա­կայն ո՛չ ի­րենց տու­նէն շատ հե­ռու, ո­րով­հե­տեւ հայ­րը թրքա­կան բա­նա­կին մէջ զինուոր էր։

Պոհ­չա­լեան կը յի­շէ, որ մեծ­նա­լու ըն­թաց­քին իր մայ­րը եղ­բօ­րը գլխուն թաշ­կի­նակ կը կա­պէր, որ­պէս­զի զինք աղ­ջիկ կար­ծեն, ո­րով­հե­տեւ բո­լոր այր մար­դի­կը կը հա­ւա­քէին ու կը սպան­նէին։ Կա­ռա­վա­րա­կան հրա­մա­նագ­րէ մը ետք եւ ի­րենց մեծ մօր քա­ջա­լե­րան­քով՝ ա­նոնք ի­րենք զի­րենք կը թրքացնեն, որ­պէս­զի կեն­դա­նի մնան։ Պոհ­չա­լեան եւ իր ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը թրքա­կան ա­նուն­ներ կը կրեն։ Զի­նա­դա­դա­րը յայ­տա­րա­րո­ւե­լէն ետք՝ ա­նոր ծնո­ղը կ­՚ո­րո­շէ շրջա­նէն փա­խուստ տալ։ 1928ին, ա­նոնք կը մեկ­նին Ան­գա­րա, ա­պա՝ Պո­լիս, ուր 11 ա­միս մնա­լէ ետք նա­ւով կ­՚անց­նին Յու­նաս­տան եւ եր­կու օր ետք կը հաս­նին Ա­ղեք­սանդ­րիա։ Ան օ­րին 19 տա­րե­կան էր։ Պոհ­չա­լեան կ­՚ը­սէ, թէ իր ըն­տա­նի­քին ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րե­լու միակ պատ­ճա­ռը թրքա­կան ինք­նու­թիւ­նը ըն­դու­նիլն էր, այ­սինքն՝ իս­լա­մա­նալ եւ թուրք դառ­նալ։ Ան ե­րախ­տա­պարտ կը մնայ իր մեծ մօր, որ (վստա­հա­բար դժկա­մու­թեամբ) Պոհ­չա­լեան ըն­տա­նի­քը քա­ջա­լե­րեց թրքա­նա­լու։ Պոհ­չա­լեան ա­մուս­նա­ցաւ եւ 40 տա­րի Ե­գիպ­տո­սի մէջ ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1971, երբ իր ըն­տա­նի­քին հետ փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Մոնթ­րէալ։