altՀա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­նե­րու յանձ­նա­խում­բե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նին մէջ (Ան­թի­լիաս), 13 Փետ­րո­ւար 2016ին,

տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ե­կած զե­կոյց­նե­րու կար­գին, խորհր­դա­ժո­ղո­վի ներ­կա­ները ու­շադ­րու­թեամբ ունկնդ­րե­ցին զե­կոյ­ցը հա­լէ­պա­հա­յու­թեան մաս­նակ­ցու­թեան՝ հա­մազ­գա­յին այն մեծ ի­րա­դար­ձու­թեան, որ կը կո­չո­ւի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի նշում: Այս ա­ռի­թով ներ­կա­նե­րը բարձր կը գնա­հա­տեն սու­րիա­հայ մեր եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն հան­դէս բե­րած ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ կո­րո­վը. ա­նոնք՝ գտնո­ւե­լով պա­տե­րազ­մա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու տակ, ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րու ներ­քեւ` պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռած ի­րենց ար­տա­հերթ եւ դժո­ւա­րին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, կը շա­րու­նա­կեն կեան­քի ու մա­հո­ւան կռիւ տա­լուն զու­գըն­թաց մաս­նակ­ցիլ հա­մազ­գա­յին մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն:

Այս ա­ռի­թով խորհր­դա­ժո­ղո­վին ներ­կա­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ի­րենց ող­ջոյ­նը կ­՛ուղ­ղեն սու­րիա­հայ եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն: Կը մաղ­թեն, որ Սու­րիան ա­րա­գօ­րէն դուրս գայ պա­տե­րազ­մա­կան այս ի­րա­վի­ճա­կէն, բռնէ խա­ղաղ բար­գա­ւաճ­ման ու­ղին եւ, այդ ճամ­բուն վրայ, սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը վերս­տանձ­նէ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան ու ազ­գա­յին շի­նա­րար աշ­խա­տան­քը:

Մինչ այդ, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կը գտնեն, որ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը` Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեամբ, հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րով, կու­սակ­ցա­կան, ազ­գա­յին բազ­մաբ­նոյթ մար­մին­նե­րով, պար­տի շա­րու­նա­կել իր ամ­բող­ջա­կան այ­լաբը­նոյթ օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րով թի­կունք կանգ­նիլ սու­րիա­հայ մեր ազ­գա­կից­նե­րուն, որ­պէս­զի սու­րիա­հայ գա­ղու­թը վե­րագտ­նէ ինք­զինք եւ դառ­նայ եր­բեմ­նի հա­յա­կերտ­ման օ­ճա­խը: